Թիֆլիսի փողոցներէն մէկը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով

Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդը աջակցած է Թիֆլիսի քանի մը փողոցներու անուանակոչման: Կրծանիսի շրջանի Իլիա եւ Նինօ Նակաշիձէ փողոցներու գօտին կոչուած է դերասան Կախի Կաւսաձէի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-էն։ Աղբիւրին համաձայն՝ Մտածմինդա թաղամասի Կոտէ Մեսխիի նրբանցքը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով: Սերկէյ Փարաջանովը ծնած է 1924-ին Թիֆլիս։ 1942-ին՝ աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ստանացած է աւարտական վկայական եւ ընդունուած Թիֆլիսի երկաթուղային փոխադրամիջոցներու ճարտարագիտական ուսումնարանի շինարարական բաժանմունք։ Մէկ տարի անց Փարաջանով հասկցած է, որ արուեստը աւելի շատ կը սիրէ եւ հեռացած է ուսումնարանէն եւ ընդունուած է 2 բարձրագոյն հաստատութիւն՝ Թիֆլիսի երաժշտանոցի վոքալի բաժինը եւ Օփերային թատրոնին կից գործող պարային ուսումնարանը։ 1992 Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ Փարաջանովի
10 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Թիֆլիսի փողոցներէն մէկը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով

Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդը աջակցած է Թիֆլիսի քանի մը փողոցներու անուանակոչման: Կրծանիսի շրջանի Իլիա եւ Նինօ Նակաշիձէ փողոցներու գօտին կոչուած է դերասան Կախի Կաւսաձէի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-էն։

Աղբիւրին համաձայն՝ Մտածմինդա թաղամասի Կոտէ Մեսխիի նրբանցքը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով:

Սերկէյ Փարաջանովը ծնած է 1924-ին Թիֆլիս։ 1942-ին՝ աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ստանացած է աւարտական վկայական եւ ընդունուած Թիֆլիսի երկաթուղային փոխադրամիջոցներու ճարտարագիտական ուսումնարանի շինարարական բաժանմունք։ Մէկ տարի անց Փարաջանով հասկցած է, որ արուեստը աւելի շատ կը սիրէ եւ հեռացած է ուսումնարանէն եւ ընդունուած է 2 բարձրագոյն հաստատութիւն՝ Թիֆլիսի երաժշտանոցի վոքալի բաժինը եւ Օփերային թատրոնին կից գործող պարային ուսումնարանը։

1992 Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ Փարաջանովի տան վրայ բացուած է անոր յուշատախտակը։ 2004, Նոյեմբեր 6-ին, Թիֆլիսի հին մասին մէջ դրուած է Փարաջանովի յուշարձանը (ցատկի ժամանակ)։

Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի. Մուրատով
Նախորդ նիւթը

Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի. Մուրատով

Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը (Տեսանիւթ)
Յաջորդ նիւթը

Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը (Տեսանիւթ)

ԱնցնիլՎեր