Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի. Մուրատով

Հետագային որոշում պիտի կայացուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։ «Միայն դրական կը գնահատեն ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը։ Մեզի գնահատական կու տայ խաղաղ բնակչութիւնը․ այսօր ԼՂ-ի մէջ կեանքը կ’ընթանայ լիարժէք հունով։ Կան, ի հարկէ, շատ բարդ հարցեր, սակայն գործընթացը առաջ կ’երթայ՝ մարդոց վերադարձը, խնդրային հարցերու լուծումը։ Կը կարծեմ՝ ամէն ինչ նորմալ կ’ըլլայ»,-ըսած է Մուրատովը։  Ան աւելցուցած է, որ ռուս խաղաղապահները պիտի գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ 5 տարի։ «Առաջին 5 տարին՝ համաձայնագրով, որ ստորագրած են երեք պետութիւններու ղեկավարները։ Հետագային ռուսական խաղաղապահ
10 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի. Մուրատով

Հետագային որոշում պիտի կայացուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

«Միայն դրական կը գնահատեն ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը։ Մեզի գնահատական կու տայ խաղաղ բնակչութիւնը․ այսօր ԼՂ-ի մէջ կեանքը կ’ընթանայ լիարժէք հունով։ Կան, ի հարկէ, շատ բարդ հարցեր, սակայն գործընթացը առաջ կ’երթայ՝ մարդոց վերադարձը, խնդրային հարցերու լուծումը։ Կը կարծեմ՝ ամէն ինչ նորմալ կ’ըլլայ»,-ըսած է Մուրատովը։ 

Ան աւելցուցած է, որ ռուս խաղաղապահները պիտի գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ 5 տարի։ «Առաջին 5 տարին՝ համաձայնագրով, որ ստորագրած են երեք պետութիւններու ղեկավարները։ Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի»,-աւելցուցած է ան։

Ռուսաստանի հերոս Ռուստամ Մուրատովը 6 Սեպտեմբերին աւարտած է իր առաքելութիւնը որպէս ԼՂ-ի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար։ Այժմ հրամանատար է զօրավար-մայոր Միխայիլ Քոսոպոքովը։

Ինը ամիս ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն
Նախորդ նիւթը

Ինը ամիս ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն

Թիֆլիսի փողոցներէն մէկը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով
Յաջորդ նիւթը

Թիֆլիսի փողոցներէն մէկը կոչուած է Սերկէյ Փարաջանովի անունով

ԱնցնիլՎեր