Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ. Մարտունիի Քաղաքապետ

Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած․ ողջ գիշերուայ ընթացքին եւ առաւօտեան շարունակուած են հրետակոծութիւնն ու հրթիռակոծութիւնը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը՝ յղում ընելով Մարտունիի քաղաքապետ Էդիկ Աւանէսեանին։ Հակառակ վտանգաւոր իրավիճակին՝ պատկան մարմինները վերականգնողական աշխատանքներ կը կատարեն, բաւականին մեծ վտանգով լեցուն պայմաններու մէջ, շատ պարագաներու յայտնուելով թշնամիի թիրախ: «Մարտունի քաղաքին մէջ կ’իրականացնեն նաեւ մաքրման, աւերածութիւններու վերականգման աշխատանքներ։ Պաշտպանութեան բանակի եւ աշխարհազօրայիններու համատեղ ուժերով կ’իրականացուի հնարաւորն ու անհնարինը դրուած խնդիրները հաւուր պատշաճի լուծելու համար: Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ: Ընդհանուր առմամբ Մարտունին կը մնայ նոյն դիրքի վրայ, որ եղած է 90-ականներու ժամանակ: Մարտունին իր բնակիչներով կանգուն
7 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ. Մարտունիի Քաղաքապետ

Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած․ ողջ գիշերուայ ընթացքին եւ առաւօտեան շարունակուած են հրետակոծութիւնն ու հրթիռակոծութիւնը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը՝ յղում ընելով Մարտունիի քաղաքապետ Էդիկ Աւանէսեանին։

Հակառակ վտանգաւոր իրավիճակին՝ պատկան մարմինները վերականգնողական աշխատանքներ կը կատարեն, բաւականին մեծ վտանգով լեցուն պայմաններու մէջ, շատ պարագաներու յայտնուելով թշնամիի թիրախ:

«Մարտունի քաղաքին մէջ կ’իրականացնեն նաեւ մաքրման, աւերածութիւններու վերականգման աշխատանքներ։ Պաշտպանութեան բանակի եւ աշխարհազօրայիններու համատեղ ուժերով կ’իրականացուի հնարաւորն ու անհնարինը դրուած խնդիրները հաւուր պատշաճի լուծելու համար: Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ: Ընդհանուր առմամբ Մարտունին կը մնայ նոյն դիրքի վրայ, որ եղած է 90-ականներու ժամանակ: Մարտունին իր բնակիչներով կանգուն է, պինդ է ու պիտի երթանք մինչեւ վերջ, իսկ մեր վերջը յաղթանակը պիտի ըլլայ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեան
Նախորդ նիւթը

ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեան

Անմիջապէս Շուշիի մերձակայքը ծանր մարտերը կը շարունակուին
Յաջորդ նիւթը

Անմիջապէս Շուշիի մերձակայքը ծանր մարտերը կը շարունակուին

ԱնցնիլՎեր