ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ հաւատաւոր կուսակցական, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ՝ 7 Նոյեմբեր 2020-ին, Պէյրութի մէջ։ Հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Տոքթոր Վազգէն Ժամկոչեանը: Կորսնցուցինք հայ գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու մէջ: Այսպիսի հայ մարդ մը կորսնցուցինք այսօր:     Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Վազգէն Ժամկոչեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ.Նազարեան վարժարան: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ համալսարանական ուսումը կը ստանայ Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ,
7 Նոյեմբերի 2020
7 ր. ընթերցում
ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ հաւատաւոր կուսակցական, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ՝ 7 Նոյեմբեր 2020-ին, Պէյրութի մէջ։

Հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Տոքթոր Վազգէն Ժամկոչեանը: Կորսնցուցինք հայ գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու մէջ: Այսպիսի հայ մարդ մը կորսնցուցինք այսօր:    

Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Վազգէն Ժամկոչեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ.Նազարեան վարժարան: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ համալսարանական ուսումը կը ստանայ Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ կը վկայուի որպէս ատամնաբոյժ: Հայաստանի անկախութեան տարիներուն, Երեւանի մէջ կուսակցական մեծ աշխատանք կը տանի Ռ.Ա.Կ.-ի հովանիին տակ գործող Արմենական Արիական Շարժումին մէջ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:

1993-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը հաստատէ իր դարմանատունը: Այդ տարիներէն սկսեալ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ իր ակումբին եւ Շրջանային վարչութեան մէջ: Ան բազմիցս ծառայած է որպէս կուսակցութեան ներկայացուցիչը «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ին եւ ազգային այլ կառոյցներու մէջ: Այս տարի ստանձնեց կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը Պէյրութի պայթումէն ետք հիմնուած Վերաշինութեան ազգային մարմնին մէջ: Ուր որ գործ կար, հոն էր մեր սիրելի ընկերը: Պատասխանտուութիւն վերցնելը իրեն համար հաճոյք էր: Հաւասարակշուած անձ մըն էր եւ բարի գործը իր կենսաձեւին վերածած էր: Մանրուքներով զբաղող մը չէր ան, այլ մեծ գործին եւ անոր արդիւնքին կը հաւատար:

Ընկեր Վազգէն Ժամկոչեան միշտ պիտի յիշուի որպէս յարգուած, հաւասարակշռուած, համեստ ընկեր, միշտ ծառայելու պատրաստ: Այսօր մենք կորսնցուցինք այս առաքինութիւնները ունեցող ազնիւ ընկեր մը: Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին: Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Ընկեր Ժամկոչեան:      

 

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպիր                                      Ատենապետ

Վիգէն Թոսունեան                            Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան

 

Ուրուկուէյի Փայսանտու նահանգի օրէնսդիր մարմինը միաձայն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը
Նախորդ նիւթը

Ուրուկուէյի Փայսանտու նահանգի օրէնսդիր մարմինը միաձայն ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ. Մարտունիի Քաղաքապետ
Յաջորդ նիւթը

Թշնամին ստացած է համարժէք պատասխան, որ երկար կը յիշէ. Մարտունիի Քաղաքապետ

ԱնցնիլՎեր