Թուրքիան չեղարկած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու խորհրդակցութիւնները

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Փեքա Հաավիսթոն յայտնած է, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը կը փորձեն նոր հանդիպում կազմակերպել Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկարներն ու խնդիրները: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։ Աւելի վաղ թրքական Sabah թերթը գրած էր, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին անդամակցելու յայտով Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի եռակողմ բանակցութիւնները անորոշ ժամանակով յետաձգուած են Անգարայի պահանջով: «Ֆինլանտան, Շուէտն ու Թուրքիան կը փորձեն նոր եռակողմ հանդիպում կազմակերպել, ուր գնահատական կը տրուի իրավիճակին», — յայտարարած է Հաավիսթոն: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, խօսելով անցած շաբաթ օր Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ Ղուրանի այրման մասին, ըսած է, որ
25 Հունվարի 2023
4 ր. ընթերցում
Թուրքիան չեղարկած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու խորհրդակցութիւնները

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Փեքա Հաավիսթոն յայտնած է, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը կը փորձեն նոր հանդիպում կազմակերպել Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկարներն ու խնդիրները: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

Աւելի վաղ թրքական Sabah թերթը գրած էր, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին անդամակցելու յայտով Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի եռակողմ բանակցութիւնները անորոշ ժամանակով յետաձգուած են Անգարայի պահանջով:

«Ֆինլանտան, Շուէտն ու Թուրքիան կը փորձեն նոր եռակողմ հանդիպում կազմակերպել, ուր գնահատական կը տրուի իրավիճակին», — յայտարարած է Հաավիսթոն:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, խօսելով անցած շաբաթ օր Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի ժամանակ Ղուրանի այրման մասին, ըսած է, որ Անգարան չի պաշտպաներ Շուէտիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու դիմումը։

«Շուէտիոյ մէջ կատարուած զազրելի արարքը վիրաւորանք է բոլորի համար, որոնք կը յարգեն մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ներառեալ իսլամներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները»,- Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Եթէ Շուէտը չյարգէ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ իսլամներու կրօնական զգացումները, ապա ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հարցով «մեզմէ ոչ մէկ աջակցութիւն կը ստանայ», ընդգծած է ան:

Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով «Հայաստան» հիմնադրամի 100 թոն պարէնամթերքը հնարաւոր չէ հասցնել Արցախ
Նախորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով «Հայաստան» հիմնադրամի 100 թոն պարէնամթերքը հնարաւոր չէ հասցնել Արցախ

Եգիպտոսի նախագահը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի այցելէ
Յաջորդ նիւթը

Եգիպտոսի նախագահը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի այցելէ

ԱնցնիլՎեր