«Թուրքիան վիճայարոյց երկիր է». Քլունին հրաժարած է 35 միլիոն տոլարով գովազդի մասնակցելէ

Ամերիկացի դերասան Ճորճ Քլունին յայտնած է, որ ժամանակին մերժած է 35 միլիոն տոլարի առաջարկը մէկօրեայ աշխատանքի համար: Վերջինս նշած է, որ աշխատանքը օդանաւային ընկերութեան գովազդ պէտք է ըլլար: «Ինծի առաջարկած էին 35 միլիոն տոլար օդանաւային ընկերութեան գովազդին մէջ նկարահանուելու մէկօրեայ աշխատանքի համար: Սակայն ես խօսեցայ Ամալին հետ անոր մասին, եւ մենք որոշեցինք, որ չ’արժեր այդ ընել», մեկնաբանած է Քլունին՝ յաւելելով, որ նման որոշում կայացուցած են, քանի որ «ընկերութիւնը կը պատկանի երկրի մը, որ թէեւ դաշնակից է, երբեմն վիճայարոյց է»: Հոլիուուտեան դերասանը առաջարկը հաւանաբար ստացած է Turkish Airlines-էն, որ թրքական պետական օդանաւային ընկերութիւնն է: Նշենք նաեւ, որ Ամալ Քլունին, որու հետ
7 Դեկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
«Թուրքիան վիճայարոյց երկիր է». Քլունին հրաժարած է 35 միլիոն տոլարով գովազդի մասնակցելէ

Ամերիկացի դերասան Ճորճ Քլունին յայտնած է, որ ժամանակին մերժած է 35 միլիոն տոլարի առաջարկը մէկօրեայ աշխատանքի համար: Վերջինս նշած է, որ աշխատանքը օդանաւային ընկերութեան գովազդ պէտք է ըլլար:

«Ինծի առաջարկած էին 35 միլիոն տոլար օդանաւային ընկերութեան գովազդին մէջ նկարահանուելու մէկօրեայ աշխատանքի համար: Սակայն ես խօսեցայ Ամալին հետ անոր մասին, եւ մենք որոշեցինք, որ չ’արժեր այդ ընել», մեկնաբանած է Քլունին՝ յաւելելով, որ նման որոշում կայացուցած են, քանի որ «ընկերութիւնը կը պատկանի երկրի մը, որ թէեւ դաշնակից է, երբեմն վիճայարոյց է»:

Հոլիուուտեան դերասանը առաջարկը հաւանաբար ստացած է Turkish Airlines-էն, որ թրքական պետական օդանաւային ընկերութիւնն է: Նշենք նաեւ, որ Ամալ Քլունին, որու հետ դերասանը ամուսնացած է 2014-ին, ՄԻԵԴ-ի մէջ 2016-ին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող գործի քննութեան ժամանակ Հայաստանը ներկայացնող փաստաբաններէն էր:

Ընդգծուեցաւ Հայաստանի գրանցած զգալի առաջընթացը. ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է ՏԻՄ ընտրութիւններու վերաբերեալ
Նախորդ նիւթը

Ընդգծուեցաւ Հայաստանի գրանցած զգալի առաջընթացը. ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է ՏԻՄ ընտրութիւններու վերաբերեալ

Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները կը հակասեն Սոչիի պայմանաւորուածութիւններուն. ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները կը հակասեն Սոչիի պայմանաւորուածութիւններուն. ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր