Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն կրճատած է ցեղասպանութեան թեզերու դէմ պայքարի պիւտճէն

Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովը  հաստատած է 2020 թուականի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից «Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր վարչութեան»  յատկացուելիք պիւտճէն: 2020 թուականին այն պիտի կազմէ 5.9 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 1 միլիոն 30 հազար ԱՄՆ տոլար): 2019 թուականին կառոյցին յատկացուած էր 11.2 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար): Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» պարբերականի գնահատմամբ՝ այս որոշմամբ «կը նուազեցուի ցեղասպանութեան թեզերու դէմ պայքարի համար յատկացուող պիւտճէն» (նկատի ունի, որ վերոնշեալ վարչութիւնը կը պայքարի միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ-խմբ.), այն պարագային, երբ տարբեր խորհրդարաններ կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումներ եւ բանաձեւեր ընդունիլ: Նշուած է, որ
21 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն կրճատած է ցեղասպանութեան թեզերու դէմ պայքարի պիւտճէն

Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովը  հաստատած է 2020 թուականի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից «Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր վարչութեան»  յատկացուելիք պիւտճէն:

2020 թուականին այն պիտի կազմէ 5.9 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 1 միլիոն 30 հազար ԱՄՆ տոլար): 2019 թուականին կառոյցին յատկացուած էր 11.2 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար):

Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» պարբերականի գնահատմամբ՝ այս որոշմամբ «կը նուազեցուի ցեղասպանութեան թեզերու դէմ պայքարի համար յատկացուող պիւտճէն» (նկատի ունի, որ վերոնշեալ վարչութիւնը կը պայքարի միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ-խմբ.), այն պարագային, երբ տարբեր խորհրդարաններ կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումներ եւ բանաձեւեր ընդունիլ:

Նշուած է, որ ԱԳՆ-ի Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր վարչութիւնը աշխատանքներ կ’իրականացնէ նաեւ միջազգային հանրութեան FETÖ-ի (Կիւլէնական համայնք) մասին իրազեկելու ուղղութեամբ:

Հաւասար օգնութիւն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին. Քոնկրեսականներու կոչը
Նախորդ նիւթը

Հաւասար օգնութիւն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին. Քոնկրեսականներու կոչը

ՀՀ կառավարութիւնը շատ հարցերու շուրջ կ'ուզէ խորհրդակցիլ Սփիւռքի հետ, բայց կը բախի մէկ խնդիրի. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ կառավարութիւնը շատ հարցերու շուրջ կ’ուզէ խորհրդակցիլ Սփիւռքի հետ, բայց կը բախի մէկ խնդիրի. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր