Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 35 418-ի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրի մէջ երկրաշարժերու զոհերու թիւը հասած է 35 418-ի։ Այս մասին ան յայտարարած է Անգարայի մէջ նախարարներու գրասեանեակի նիստէն ետք։ Միաժամանակ ան երկրաշարժերը, մաշտապներու ու աւերածութիւններու առումով, բացառիկ բնական երեւոյթ անուանած է։ «Ողորմածութիւն կը մաղթեմ իմ 35 418 զոհուած քաղաքացիներէ իւրաքանչիւրին։ Ապաքինում կը մաղթեմ 105 505 վիրաւորներուն, որոնք փրկուած են»,-ըսած է Էրտողան: Նշենք, որ փետրուար 6-ի առաւօտեան, տեղական ժամանակով ժամը 04:17-ին 7,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Մարաշ քաղաքի մօտակայքը գտնուող Պազարճիք շրջանին մէջ։ Հաշվարկուած է մօտ 42 յետցնցում, որոնցմէ ամենազօրաւորի ուժգնութիւնը կազմած է 6,6։ Աւելի ուշ 7,5 ուժգնութեամբ եւս մէկ
15 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 35 418-ի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրի մէջ երկրաշարժերու զոհերու թիւը հասած է 35 418-ի։ Այս մասին ան յայտարարած է Անգարայի մէջ նախարարներու գրասեանեակի նիստէն ետք։

Միաժամանակ ան երկրաշարժերը, մաշտապներու ու աւերածութիւններու առումով, բացառիկ բնական երեւոյթ անուանած է։

«Ողորմածութիւն կը մաղթեմ իմ 35 418 զոհուած քաղաքացիներէ իւրաքանչիւրին։ Ապաքինում կը մաղթեմ 105 505 վիրաւորներուն, որոնք փրկուած են»,-ըսած է Էրտողան:

Նշենք, որ փետրուար 6-ի առաւօտեան, տեղական ժամանակով ժամը 04:17-ին 7,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Մարաշ քաղաքի մօտակայքը գտնուող Պազարճիք շրջանին մէջ։ Հաշվարկուած է մօտ 42 յետցնցում, որոնցմէ ամենազօրաւորի ուժգնութիւնը կազմած է 6,6։ Աւելի ուշ 7,5 ուժգնութեամբ եւս մէկ երկրաշարժ գրանցուած է։

Թուրքիոյ մէջ 7-օրեայ սուգ յայտարարուած է:

Վիթալի Բալասանեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է
Նախորդ նիւթը

Վիթալի Բալասանեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է

Սիրիոյ իշխանութիւններու կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը կազմած է 1414
Յաջորդ նիւթը

Սիրիոյ իշխանութիւններու կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը կազմած է 1414

ԱնցնիլՎեր