Թուրքիոյ մէջ չեն բացառեր 5-6 ամիսէն ՆԱԹՕ-էն դուրս գալը

Թուրքիան կրնայ հինգ-վեց ամիսէն դուրս գալ ՆԱԹՕ-էն՝ Անգարայի դէմ սադրիչ գործողութիւններու պատճառով։ Նման կարծիք յայտնած է թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան փոխնախագահ Էթհեմ Սանճաքը, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։ «Իրադարձութիւնները մեզ կը ստիպեն նման գործողութիւններու երթալ, ՆԱԹՕ-ն իր սադրանքներով կը փորձէ մեզ հակադրել մեր հարեւան Յունաստանին։ Թուրքիան հինգ-վեց ամիսէն դուրս պիտի գայ ՆԱԹՕ-էն: Անոնք կը փորձեն Թուրքիան ներքաշել Մերձաւոր Արեւելքի յորձանուտը։ Եւ վերջապէս, դուք տեսաք Ղուրանի դէմ գործողութիւնները Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ (նկատի ունի Ղուրանի հրապարակաւ այրման դէպքերը այդ երկիրներուն մէջ)»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Aydinlik թերթը։ Մինչդեռ 19 յունուարին թրքական «Հայրենիք» կուսակցութիւնը յայտարարած էր «Լքենք ՆԱԹՕ-ն» համազգային քարոզարշաւի մեկնարկը՝ երկրի իշխանութիւններուն կոչ
26 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ չեն բացառեր 5-6 ամիսէն ՆԱԹՕ-էն դուրս գալը

Թուրքիան կրնայ հինգ-վեց ամիսէն դուրս գալ ՆԱԹՕ-էն՝ Անգարայի դէմ սադրիչ գործողութիւններու պատճառով։ Նման կարծիք յայտնած է թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան փոխնախագահ Էթհեմ Սանճաքը, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

«Իրադարձութիւնները մեզ կը ստիպեն նման գործողութիւններու երթալ, ՆԱԹՕ-ն իր սադրանքներով կը փորձէ մեզ հակադրել մեր հարեւան Յունաստանին։ Թուրքիան հինգ-վեց ամիսէն դուրս պիտի գայ ՆԱԹՕ-էն: Անոնք կը փորձեն Թուրքիան ներքաշել Մերձաւոր Արեւելքի յորձանուտը։ Եւ վերջապէս, դուք տեսաք Ղուրանի դէմ գործողութիւնները Շուէտի եւ Հոլանտայի մէջ (նկատի ունի Ղուրանի հրապարակաւ այրման դէպքերը այդ երկիրներուն մէջ)»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Aydinlik թերթը։

Մինչդեռ 19 յունուարին թրքական «Հայրենիք» կուսակցութիւնը յայտարարած էր «Լքենք ՆԱԹՕ-ն» համազգային քարոզարշաւի մեկնարկը՝ երկրի իշխանութիւններուն կոչ ընելով դուրս գալու Հիւսիսաթլանթեան դաշինքէն։ Կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչէքը ըսած է, որ «զօրաւոր ՆԱԹՕ կը նշանակէ՝ զօրաւոր սպառնալիք Թուրքիոյ համար»։

Լաչինի միջանցքի շրջափակումը վերացնելու երկու տարբերակ կայ․ Միրզոյեանը՝ Եւրոպական Խորհուրդին
Նախորդ նիւթը

Լաչինի միջանցքի շրջափակումը վերացնելու երկու տարբերակ կայ․ Միրզոյեանը՝ Եւրոպական Խորհուրդին

Պոլսոյ հայկական կաթողկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին 19–րդ դարուն կանխած է տարածուող ժանտախտը. Hurriyet
Յաջորդ նիւթը

Պոլսոյ հայկական կաթողկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին 19–րդ դարուն կանխած է տարածուող ժանտախտը. Hurriyet

ԱնցնիլՎեր