Թուրքիոյ մէջ սկսած են հաւաքել Ուքրանիոյ համար նախատեսուած Bayraktar TB2 անօդաչուները

Թուրքիոյ մէջ սկսած են հաւաքել Ուքրանիոյ համար նախատեսուած «Պայրաքտար» ՏԲ2 անօդաչուներու առաջին խմբաքանակը: Ինչպէս կը յայտնէ Корреспондент-ը՝ յղում ընելով ժողովրդական պատգամաւոր Իկոր Կոպիթինին, հաւաքման աշխատանքները կ’ըլլան Իսթանպուլի Baykar Defense ձեռնարկութեան մէջ: Պատգամաւորի խօսքով՝ այսօր Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարի հետ միասին ստուգումներ իրականացուցած են Իսթանպուլի գործարարնին մէջ՝ վերահսկելով արտադրութեան ընթացքը: Վերջինս ընդգծած է, որ թրքական կողմը կը կատարէ Ուքրանիոյ հետ կնքուած պայմանագրի իր պարտականութիւնները: «Այդ եզակի հնարաւորութիւնը կը զօրացնէ մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը, ինչպէս նաեւ կ’ընդլայնէ երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներկայութիւնը արատքին շուկաներուն մէջ»,- շեշտած է Կոպիթինը: Ուքրանիան կը նախատեսէ Թուրքիայէն 12 «Պայրաքտար» համալիրներ գնել, որու մասին յայտնի դարձած էր 2020 թուականի հոկտեմբերին: Համալիրներէն
8 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ սկսած են հաւաքել Ուքրանիոյ համար նախատեսուած Bayraktar TB2 անօդաչուները

Թուրքիոյ մէջ սկսած են հաւաքել Ուքրանիոյ համար նախատեսուած «Պայրաքտար» ՏԲ2 անօդաչուներու առաջին խմբաքանակը:

Ինչպէս կը յայտնէ Корреспондент-ը՝ յղում ընելով ժողովրդական պատգամաւոր Իկոր Կոպիթինին, հաւաքման աշխատանքները կ’ըլլան Իսթանպուլի Baykar Defense ձեռնարկութեան մէջ: Պատգամաւորի խօսքով՝ այսօր Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարի հետ միասին ստուգումներ իրականացուցած են Իսթանպուլի գործարարնին մէջ՝ վերահսկելով արտադրութեան ընթացքը:

Վերջինս ընդգծած է, որ թրքական կողմը կը կատարէ Ուքրանիոյ հետ կնքուած պայմանագրի իր պարտականութիւնները:

«Այդ եզակի հնարաւորութիւնը կը զօրացնէ մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը, ինչպէս նաեւ կ’ընդլայնէ երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներկայութիւնը արատքին շուկաներուն մէջ»,- շեշտած է Կոպիթինը:

Ուքրանիան կը նախատեսէ Թուրքիայէն 12 «Պայրաքտար» համալիրներ գնել, որու մասին յայտնի դարձած էր 2020 թուականի հոկտեմբերին: Համալիրներէն իւրաքանչիւրն ունի 4 հետախուզական-հարուածային անօդաչուներ:

Իջեւանի եւ Շամշատինի մէջ հակառակորդի ուժերու տեղաշարժի մասին լուրերը անհիմն են. ՀՀ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Իջեւանի եւ Շամշատինի մէջ հակառակորդի ուժերու տեղաշարժի մասին լուրերը անհիմն են. ՀՀ ՊՆ

Ակնածանքի խօսքեր կը յղեմ մեր կանանց, որոնց հերոս զաւակները, ամուսինները արցախեան պատերազմին ինկան հերոսաբար. Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ակնածանքի խօսքեր կը յղեմ մեր կանանց, որոնց հերոս զաւակները, ամուսինները արցախեան պատերազմին ինկան հերոսաբար. Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր