Թուրքիոյ յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծէ վտանգաւոր մթնոլորտ. Կիպրոսի ՊՆ

Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւններն ու յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծեն վտանգաւոր մթնոլորտ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Հարալամպոս Փեթրիտեսը, կը հաղորդէ CNA-ն: Փեթրիտեսն ըսած է, որ Կիպրոսը, անկասկած, «որոշիչ պահեր կ’ապրի»՝ աւելցնելով, որ այդ փուլը «յատկապէս որոշուած է Թուրքիոյ կողմէ»: Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ թրքական կողմի յարձակողական յայտարարութիւններն ու վարքագիծը բացասաբար կ’ազդէ տարածաշրջանի վրայ: Պաշտպանութեան նախարարը յիշատակած է Կիպրոսի թրքական բռնատիրութեան դադարեցմանն ու կղզիական պետութեան վերամիաւորմանն ուղղուած կառավարութեան ջանքերու մասին: Ան ընդգծած է, որ կառավարութիւնն առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ, որ փոխանցէ երկրի նոր սերունդին բռնատիրական զօրքերէն եւ բաժանարար գիծերէն ազատ երկիր:  
7 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծէ վտանգաւոր մթնոլորտ. Կիպրոսի ՊՆ

Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւններն ու յարձակողական վարքագիծը կը ստեղծեն վտանգաւոր մթնոլորտ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Հարալամպոս Փեթրիտեսը, կը հաղորդէ CNA-ն:

Փեթրիտեսն ըսած է, որ Կիպրոսը, անկասկած, «որոշիչ պահեր կ’ապրի»՝ աւելցնելով, որ այդ փուլը «յատկապէս որոշուած է Թուրքիոյ կողմէ»: Կիպրոսի եւ Յունաստանի նկատմամբ թրքական կողմի յարձակողական յայտարարութիւններն ու վարքագիծը բացասաբար կ’ազդէ տարածաշրջանի վրայ: Պաշտպանութեան նախարարը յիշատակած է Կիպրոսի թրքական բռնատիրութեան դադարեցմանն ու կղզիական պետութեան վերամիաւորմանն ուղղուած կառավարութեան ջանքերու մասին: Ան ընդգծած է, որ կառավարութիւնն առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ, որ փոխանցէ երկրի նոր սերունդին բռնատիրական զօրքերէն եւ բաժանարար գիծերէն ազատ երկիր:

 

ՀՀ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը
Նախորդ նիւթը

ՀՀ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը

Հայաստանի մէջ մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը. Այն պիտի տեւէ 12 օր
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը. Այն պիտի տեւէ 12 օր

ԱնցնիլՎեր