Թրամբն ու Էրտողանը հաստատած են, որ իրենց հանդիպումը պիտի կայանայ 13 Նոյեմբերին` Ուաշինկթընի մէջ

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամբն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առաջնորդի գրասենեակը: Նախօրէին Էրտողանը յայտարարած է, որ դեռ չէ որոշած, պիտի կայանա՞յ արդեօք նախատեսուած հանդիպումը եւ որ որոշում պիտի կայացնէ միայն Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք: «Մեր նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Տանըլտ Թրամփի հետ: Երկու նախագահներն ալ հաստատած են, որ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին: Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային խնդիրները»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ: Տանըլտ Թրամբը, իր հերթին, Թուիթըրի իր էջին գրած է, որ «լաւ հեռախօսազրոյց ունեցած է» Էրտողանի հետ: Խօսակցութեան ժամանակ հիմնական խօսուած է Սուրիոյ մէջ
7 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Թրամբն ու Էրտողանը հաստատած են, որ իրենց հանդիպումը պիտի կայանայ 13 Նոյեմբերին` Ուաշինկթընի մէջ

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամբն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առաջնորդի գրասենեակը:

Նախօրէին Էրտողանը յայտարարած է, որ դեռ չէ որոշած, պիտի կայանա՞յ արդեօք նախատեսուած հանդիպումը եւ որ որոշում պիտի կայացնէ միայն Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք:

«Մեր նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Տանըլտ Թրամփի հետ: Երկու նախագահներն ալ հաստատած են, որ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին 13 նոյեմբերին: Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային խնդիրները»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Տանըլտ Թրամբը, իր հերթին, Թուիթըրի իր էջին գրած է, որ «լաւ հեռախօսազրոյց ունեցած է» Էրտողանի հետ: Խօսակցութեան ժամանակ հիմնական խօսուած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին:

«Էրտողանը ինծի տեղեկացուց, որ թուրք զինուորականները բռնած են «Իսլամական պետութեան» քանի մը զինեալներ, այդ շարքին` ահաբեկիչ-մարդասպան ալ-Պաղտատիի կնոջն ու քրոջը»,- գրած է Թրամբը:

Հայաստանցիներու 92 տոկոսը դրական կը գնահատէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները․ Մնացականեան
Նախորդ նիւթը

Հայաստանցիներու 92 տոկոսը դրական կը գնահատէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները․ Մնացականեան

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ ԱԳ նախարար Պրն. Մասիս Մայիլեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ ԱԳ նախարար Պրն. Մասիս Մայիլեանին

ԱնցնիլՎեր