Թրքական կործանիչներու Երեւանին մօտենալու մասին լուրերը անհիմն են. Հերքում

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հերքեն թրքական զինուած ուժերու F-16 կործանիչներու՝ օդային հարուածի հեռաւորութեան վրայ Երեւանին մօտենալու վերաբերեալ ԶԼՄ-ներուն մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնները։ «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ շրջանառուող լուրը հերքած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։ «Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»,- նշած է Ստեփանեանը։ Avia.pro հարթակը յայտնած էր, թէ առնուազն երկու թրքական ռազմական օդանաւ ուղղութիւն բռնած են դէպի Երեւան եւ գտնուած են Հայաստանի մայրաքաղաքէն 56 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ըստ աղբիւրի, թրքական կործանիչները թռիչք իրականացուցած են Ատրպէյճանի օդային տարածքին մէջ։
3 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Թրքական կործանիչներու Երեւանին մօտենալու մասին լուրերը անհիմն են. Հերքում

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հերքեն թրքական զինուած ուժերու F-16 կործանիչներու՝ օդային հարուածի հեռաւորութեան վրայ Երեւանին մօտենալու վերաբերեալ ԶԼՄ-ներուն մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնները։

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ շրջանառուող լուրը հերքած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»,- նշած է Ստեփանեանը։

Avia.pro հարթակը յայտնած էր, թէ առնուազն երկու թրքական ռազմական օդանաւ ուղղութիւն բռնած են դէպի Երեւան եւ գտնուած են Հայաստանի մայրաքաղաքէն 56 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ըստ աղբիւրի, թրքական կործանիչները թռիչք իրականացուցած են Ատրպէյճանի օդային տարածքին մէջ։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 102-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 102-ի

Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ'ոգեկոչենք Սինճարի մէջ զոհուածներու յիշատակը. ԱԺ նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ’ոգեկոչենք Սինճարի մէջ զոհուածներու յիշատակը. ԱԺ նախագահ

ԱնցնիլՎեր