Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ’ոգեկոչենք Սինճարի մէջ զոհուածներու յիշատակը. ԱԺ նախագահ

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ 3 օգոստոսին հայ ժողովուրդը Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ’ոգեկոչէ 6 տարի առաջ Իրաքի հիւսիսը ահաբեկիչներու կողմէ սպանուած եզիտիներու յիշատակը: Այս մասին Միրզոյեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին: «Այսօր Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ մենք կ’ոգեկոչենք 6 տարի առաջ Սինճարի մէջ զոհուած իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու յիշատակը։ Իբրեւ ցեղասպանութիւն վերպրած ազգ՝ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ որեւէ այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած նոյն ոճիրին ականատես ըլլալով»,- գրած է Միրզոյեանը: 2014-ի օգոստոս ամսուան սկիզբը իսլամիստներու զինուած ուժերը գրաւեր են Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Սինճար քաղաքը, որ բնակեցուած էր եզիտիներով։ Իրաքի մարդու իրաւունքներու նախարար Մուհամետ Շիա
3 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ'ոգեկոչենք Սինճարի մէջ զոհուածներու յիշատակը. ԱԺ նախագահ

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ 3 օգոստոսին հայ ժողովուրդը Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ կ’ոգեկոչէ 6 տարի առաջ Իրաքի հիւսիսը ահաբեկիչներու կողմէ սպանուած եզիտիներու յիշատակը: Այս մասին Միրզոյեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին:

«Այսօր Հայաստանի եզիտի համայնքի հետ մենք կ’ոգեկոչենք 6 տարի առաջ Սինճարի մէջ զոհուած իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու յիշատակը։ Իբրեւ ցեղասպանութիւն վերպրած ազգ՝ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ որեւէ այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած նոյն ոճիրին ականատես ըլլալով»,- գրած է Միրզոյեանը:

2014-ի օգոստոս ամսուան սկիզբը իսլամիստներու զինուած ուժերը գրաւեր են Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Սինճար քաղաքը, որ բնակեցուած էր եզիտիներով։ Իրաքի մարդու իրաւունքներու նախարար Մուհամետ Շիա ալ-Սուտանիի յայտարութեան համաձայն. 10 օգոստոսի դրութեամբ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած է նուազագոյնը 500 եզիտի: 15 Օգոստոսին իսլամիստ ահաբեկիչները եզիտիական փոքր Քոճօ գիւղին մէջ սպաննած են 80 տղամարդ եւ գերի վերցուցած 100 երեխաներ եւ կիներ։

Թրքական կործանիչներու Երեւանին մօտենալու մասին լուրերը անհիմն են. Հերքում
Նախորդ նիւթը

Թրքական կործանիչներու Երեւանին մօտենալու մասին լուրերը անհիմն են. Հերքում

Հռոմի նախկին Պապ Պենետիկտոս 16-րդը ծանր հիւանդ է
Յաջորդ նիւթը

Հռոմի նախկին Պապ Պենետիկտոս 16-րդը ծանր հիւանդ է

ԱնցնիլՎեր