Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար

Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար: «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նման կարծիք յայտնած է «Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ Պավել Սոզինովը: ««Պայրաքտար»ը, ընդհանուր առմամբ, զէնիթահրթիռային համալիրին բնորոշ թիրախ է: Այն մեծ թիրախ է, գործնականի մէջ՝ 650 քկ զանգուածով օդանաւ: Բաւականին խոցելի է, քանի որ բաւականին դանդաղ կը թռի»,- ըսած է Սոզինովը: Անոր խօսքով՝ «Պայրաքտարներ»ու դէմ պայքարելու համար պէտք է այն ճիշդ ժամանակին նկատել եւ խոցել նախքան այն ունակ կ’ըլլայ կիրառելու իր սպառազինումը: «Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութիւնը ռուսական առաջատար ընկերութիւն է, որ կը զբաղի ամէն տեսակի օդատիեզերական յարձակման զէնքի դէմ պայքարի համակարգերու արտադրութեամբ, ինչպիսին են
25 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար

Թրքական «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուն հեշտ թիրախ է զէնիթահրթիռային համալիրների համար: «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նման կարծիք յայտնած է «Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ Պավել Սոզինովը:

««Պայրաքտար»ը, ընդհանուր առմամբ, զէնիթահրթիռային համալիրին բնորոշ թիրախ է: Այն մեծ թիրախ է, գործնականի մէջ՝ 650 քկ զանգուածով օդանաւ: Բաւականին խոցելի է, քանի որ բաւականին դանդաղ կը թռի»,- ըսած է Սոզինովը:

Անոր խօսքով՝ «Պայրաքտարներ»ու դէմ պայքարելու համար պէտք է այն ճիշդ ժամանակին նկատել եւ խոցել նախքան այն ունակ կ’ըլլայ կիրառելու իր սպառազինումը:

«Ալմազ-Անտէյ» օդատիեզերական պաշտպանութեան ընկերութիւնը ռուսական առաջատար ընկերութիւն է, որ կը զբաղի ամէն տեսակի օդատիեզերական յարձակման զէնքի դէմ պայքարի համակարգերու արտադրութեամբ, ինչպիսին են «Թոր», «Պուք» եւ С-400 համակարգերը:

Միլիառներու մասին գնայ վստահորդիդ հետ խօսիր․ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արամ Վարդեւանեանին
Նախորդ նիւթը

Միլիառներու մասին գնայ վստահորդիդ հետ խօսիր․ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արամ Վարդեւանեանին

Որո՞նք եւ ո՞ր յանցագործութիւնները պիտի ներուին․ համաներման նոր նախագիծ
Յաջորդ նիւթը

Որո՞նք եւ ո՞ր յանցագործութիւնները պիտի ներուին․ համաներման նոր նախագիծ

ԱնցնիլՎեր