Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու յայտ ներկայացուցած է

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը դիմած է ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութիւն` Երեւան–Իսթանպուլ թռիչք իրականացնելու յայտով։ Այս մասին յայտնեց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի քարտուղար Սոնա Յարութիւնեանը։ «Այո՛, թրքական «Փեկասուս»ը դիմած է Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք իրականացնելու յայտով», ըսաւ ան։ Թէ երբ պիտի կայացուի որոշումը, Սոնա Յարութիւնեանը չյստակացուց` տեղեկացնելով, որ Քաղաքացիական օդագնացութիւնը ներկայիս կ’ուսումնասիրէ յայտը։ Նշենք, որ մինչ այդ թրքական կողմը յայտարարած էր, որ Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու համար յայտ ներկայացուցած է մէկ թրքական ու մէկ հայկական ընկերութիւն։ 30 Դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւնները թոյլատրած են «Flyone Armenia» ընկերութեան շաբաթական 3 չարթըրային չուերթ իրականացնել Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան երթուղիով:
4 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու յայտ ներկայացուցած է

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը դիմած է ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութիւն` Երեւան–Իսթանպուլ թռիչք իրականացնելու յայտով։

Այս մասին յայտնեց ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի քարտուղար Սոնա Յարութիւնեանը։

«Այո՛, թրքական «Փեկասուս»ը դիմած է Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք իրականացնելու յայտով», ըսաւ ան։

Թէ երբ պիտի կայացուի որոշումը, Սոնա Յարութիւնեանը չյստակացուց` տեղեկացնելով, որ Քաղաքացիական օդագնացութիւնը ներկայիս կ’ուսումնասիրէ յայտը։

Նշենք, որ մինչ այդ թրքական կողմը յայտարարած էր, որ Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու համար յայտ ներկայացուցած է մէկ թրքական ու մէկ հայկական ընկերութիւն։

30 Դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւնները թոյլատրած են «Flyone Armenia» ընկերութեան շաբաթական 3 չարթըրային չուերթ իրականացնել Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան երթուղիով:

Ծառայակիցը սպանելու կասկածանքով ձերբակալուած է զինծառայող
Նախորդ նիւթը

Ծառայակիցը սպանելու կասկածանքով ձերբակալուած է զինծառայող

Պլինքըն եւ Չաւուշօղլու քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեման
Յաջորդ նիւթը

Պլինքըն եւ Չաւուշօղլու քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեման

ԱնցնիլՎեր