Պլինքըն եւ Չաւուշօղլու քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեման

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին անդրադարձած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:  ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պլինքընն ու Չաւուշօղլուն, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը քննարկելու համար Թուրքիոյ կողմէ յատուկ ներկայացուցիչի նշանակումը: Կը նշուի, որ երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ, փոխադարձ մտահոգութիւն ներկայացնող հարցեր: 
4 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Պլինքըն եւ Չաւուշօղլու քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու թեման

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին անդրադարձած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: 

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պլինքընն ու Չաւուշօղլուն, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը քննարկելու համար Թուրքիոյ կողմէ յատուկ ներկայացուցիչի նշանակումը:

Կը նշուի, որ երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ, փոխադարձ մտահոգութիւն ներկայացնող հարցեր: 

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու յայտ ներկայացուցած է
Նախորդ նիւթը

Թրքական «Pegasus» ընկերութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներ իրականացնելու յայտ ներկայացուցած է

Վրաստանը պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման եւս
Յաջորդ նիւթը

Վրաստանը պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման եւս

ԱնցնիլՎեր