Իսրայէլէն դրական գնահատական

Իսրայէլի ԱԳ նախարար Իսրայէլ Քացը բարձր գնահատած է Թէլ Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի որոշումը: Ան այս «զգալի քայլ անիուանած է երկու երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ», յայտնած է The Jerusalem Post-ը: Քացի խօսքով՝ Հայաստանը պիտի դառնայ 90-րդ երկիրը, որ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն կը բանայ, ինչը «կը վկայէ աշխարհի մէջ Իսրայէլի դիրքերու մշտական ամրապնդման մասին»: Իսրայէլի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Նիզար Ամէրն իր հերթին յայտարարած է, որ դեսպանատան բացումը կ’արտացոլէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զգալի բարելաւումը, որը տեղի ունեցած է վերջին տարին: «Դեսպանատան բացումը երկկողմ յարաբերութիւններու նոր եւ կարեւոր կէտ է, եւ մենք վստահ ենք, որ այն աւելի պիտի ամրապնդէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը
21 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Իսրայէլէն դրական գնահատական

Իսրայէլի ԱԳ նախարար Իսրայէլ Քացը բարձր գնահատած է Թէլ Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի որոշումը:

Ան այս «զգալի քայլ անիուանած է երկու երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ», յայտնած է The Jerusalem Post-ը:

Քացի խօսքով՝ Հայաստանը պիտի դառնայ 90-րդ երկիրը, որ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն կը բանայ, ինչը «կը վկայէ աշխարհի մէջ Իսրայէլի դիրքերու մշտական ամրապնդման մասին»:

Իսրայէլի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Նիզար Ամէրն իր հերթին յայտարարած է, որ դեսպանատան բացումը կ’արտացոլէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զգալի բարելաւումը, որը տեղի ունեցած է վերջին տարին: «Դեսպանատան բացումը երկկողմ յարաբերութիւններու նոր եւ կարեւոր կէտ է, եւ մենք վստահ ենք, որ այն աւելի պիտի ամրապնդէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը»,- նշած է Ամէրը:

Յիշեցնենք, որ 19 Սեպտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան նիստին որոշում ընդունուած էր Թէլ Աւիւի մէջ հնարաւորինս կարճ ժամկէտի մէջ  (2019-ի վերջ – 2020-ի սկիզբ) դեսպանատուն բանաելու մասին:

 

Պոլսահայ լուսանկարիչին գործերը՝ Նիւ Եորքի մէջ
Նախորդ նիւթը

Պոլսահայ լուսանկարիչին գործերը՝ Նիւ Եորքի մէջ

Հայազգի յայտնի մարզիկ Եուրի Ճորքայէֆ Հայաստան պիտի այցելէ
Յաջորդ նիւթը

Հայազգի յայտնի մարզիկ Եուրի Ճորքայէֆ Հայաստան պիտի այցելէ

ԱնցնիլՎեր