Պոլսահայ լուսանկարիչին գործերը՝ Նիւ Եորքի մէջ

Պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ, լրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Նիւ Եորքի մէջ: Ըստ «Արմէնբրես»-ի, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Կիւլէրի լուսանկարներուն այն շարքը, ուր պատկերուած է 1950-ական թուականներու Պոլիսը: Յայտնի է, որ Նիւ Եորքէն ետք ցուցահանդէսին յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Հռոմը: Թուրքիոյ նախագահականի նախաձեռնութեամբ, Արա Կիւլէրի թանգարանի, արխիւի եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեան ծիրէն ներս արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի կարեւոր քաղաքներու մէջ: Լոնտոնէն, Փարիզէն եւ Քիոթոյէն ետք չորրորդ կանգառը Նիւ Եորքն է:
21 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Պոլսահայ լուսանկարիչին գործերը՝ Նիւ Եորքի մէջ

Պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ, լրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Նիւ Եորքի մէջ:

Ըստ «Արմէնբրես»-ի, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Կիւլէրի լուսանկարներուն այն շարքը, ուր պատկերուած է 1950-ական թուականներու Պոլիսը:

Յայտնի է, որ Նիւ Եորքէն ետք ցուցահանդէսին յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Հռոմը:

Թուրքիոյ նախագահականի նախաձեռնութեամբ, Արա Կիւլէրի թանգարանի, արխիւի եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեան ծիրէն ներս արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի կարեւոր քաղաքներու մէջ: Լոնտոնէն, Փարիզէն եւ Քիոթոյէն ետք չորրորդ կանգառը Նիւ Եորքն է:

Անկախութեան տօնին առթիւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորանք յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին
Նախորդ նիւթը

Անկախութեան տօնին առթիւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին շնորհաւորանք յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին

Իսրայէլէն դրական գնահատական
Յաջորդ նիւթը

Իսրայէլէն դրական գնահատական

ԱնցնիլՎեր