Իսրայէլի մէջ կ’ուզեն ամբողջական «քարանթին» սահմանել

Իսրայէլի կառավարութիւնը քուէարկած է երեք շաբաթով քարանթինի սահմանման օգտին, կը յայտնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն։ Ինչպէս կը գրէ պարբերականը, կառավարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 18 սեպտեմբերէն՝ ժամը 14:00-էն: 11 Սեպտեմբերին «Քորոնա» ժահրի կառավարական յանձնաժողովն առաջարկած է ամբողջական «լոքտաուն» սահմանել հրէական տօներու ժամանակ, որոնք կը սկսին 18 սեպտեմբերէն: Առաջարկութիւնները կը ներառեն քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակումներ, կրթական հաստատութիւններու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու փակում։ Սահմանափակումները չեն վերաբերիր կենսական անհրաժեշտ արտադրութիւններու փակման, կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
14 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Իսրայէլի մէջ կ'ուզեն ամբողջական «քարանթին» սահմանել

Իսրայէլի կառավարութիւնը քուէարկած է երեք շաբաթով քարանթինի սահմանման օգտին, կը յայտնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն։

Ինչպէս կը գրէ պարբերականը, կառավարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 18 սեպտեմբերէն՝ ժամը 14:00-էն:

11 Սեպտեմբերին «Քորոնա» ժահրի կառավարական յանձնաժողովն առաջարկած է ամբողջական «լոքտաուն» սահմանել հրէական տօներու ժամանակ, որոնք կը սկսին 18 սեպտեմբերէն:

Առաջարկութիւնները կը ներառեն քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակումներ, կրթական հաստատութիւններու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու փակում։ Սահմանափակումները չեն վերաբերիր կենսական անհրաժեշտ արտադրութիւններու փակման, կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Մաքրոն քննադատեց Էրտողանի  քաղաքականութիւնը
Նախորդ նիւթը

Մաքրոն քննադատեց Էրտողանի քաղաքականութիւնը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 969-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 969-ի

ԱնցնիլՎեր