Իսրայէլի նախագահը կոչ ըրած է դադրեցնելու երկրի մէջ ցոյցերու պատճառ դարձած բարեփոխումներու գործընթացը

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ կառավարութեան կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու երկրին մէջ դատական բարեփոխումներու գործընթացը: Այդ մասին ան գրած է Թուիթըրի իր էջին: Նախագահը դիմած է Քնեսեթի բոլոր խմբակցութիւններու առաջնորդներուն՝ թէ՛ դաշնակից, թէ՛ ընդդիմադիր` յորդորելով երկրի քաղաքացիներու շահերը ամէն բանէ վեր դասել: «Գիշերը մենք տեսանք շատ բարդ տեսարաններ: Ես կը դիմեմ վարչապետին, կառավարութեան եւ դաշինքի անդամներուն: Մարդոց մօտ մեծ վրդովմունք կը տիրէ: Անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, հասարակութիւնը՝ ամէն բան վտանգուած է… Յանուն Իսրայէլի ժողովուրդի միասնականութեան՝ կոչ կ’ընեմ դադրեցնելու օրէնսդրական գործընթացը», — ըսած է Հերցոկ: Կ’ակնկալուի, որ երկրի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն յառաջիկայ ժամերուն կը յայտարարէ օրինագիծը կասեցնելու մասին: Այս մասին հաղորդած է Jerusalem
27 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Իսրայէլի նախագահը կոչ ըրած է դադրեցնելու երկրի մէջ ցոյցերու պատճառ դարձած բարեփոխումներու գործընթացը

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ կառավարութեան կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու երկրին մէջ դատական բարեփոխումներու գործընթացը: Այդ մասին ան գրած է Թուիթըրի իր էջին:

Նախագահը դիմած է Քնեսեթի բոլոր խմբակցութիւններու առաջնորդներուն՝ թէ՛ դաշնակից, թէ՛ ընդդիմադիր` յորդորելով երկրի քաղաքացիներու շահերը ամէն բանէ վեր դասել:

«Գիշերը մենք տեսանք շատ բարդ տեսարաններ: Ես կը դիմեմ վարչապետին, կառավարութեան եւ դաշինքի անդամներուն: Մարդոց մօտ մեծ վրդովմունք կը տիրէ: Անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, հասարակութիւնը՝ ամէն բան վտանգուած է… Յանուն Իսրայէլի ժողովուրդի միասնականութեան՝ կոչ կ’ընեմ դադրեցնելու օրէնսդրական գործընթացը», — ըսած է Հերցոկ:

Կ’ակնկալուի, որ երկրի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն յառաջիկայ ժամերուն կը յայտարարէ օրինագիծը կասեցնելու մասին: Այս մասին հաղորդած է Jerusalem Post պարբերականը:

Մարտ 26-ին Իսրայէլի հազարաւոր բնակիչներ փողոց դուրս եկան` իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով դատական բարեփոխումներէն: Ցուցարարները հաւաքուած են կառավարական շէնքերու մօտ, խաթարած փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը:

Երուսաղէմի մէջ քաղաքացիները կրցած են ճեղքել ոստիկանական արգելապատնէշները եւ հասնիլ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի նստավայր:

Նոյն օրը յայտնի դարձած է երկրի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնանկութեան մասին. վերջինս պաշտօնանկ եղած է դատական բարեփոխումները քննադատելու պատճառով:

Համաձայն բարեփոխման` խորհրդարանի մեծամասնութեան կը վերապահուի Գերագոյն դատարանի դատաւորներ ընտրելու իրաւունքը: Իսկ դատարանը, իր հերթին, կը կորսնցնէ Կառավարութեան որոշումները բեկանելու իրաւունքը:

 

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան օդաչուները բարդ վարժանքներ կատարած են Հայաստանի լեռներուն մէջ
Նախորդ նիւթը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան օդաչուները բարդ վարժանքներ կատարած են Հայաստանի լեռներուն մէջ

Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն կրակած են նռան այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն կրակած են նռան այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր