Իսրայէլի օդուժը հարուածած է Հալէպի օդակայանը

Իսրայէլի զինուած ուժերը մարտի լոյս 22-ի գիշերը հրթիռակոծած են Հալէպի միջազգային օդակայանը: Այս մասին հաղորդած է սուրիական պետական SANA գործակալութիւնը: Չորեքշաբթի գիշերը՝ ժամը 3:55-ին, իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովու կողմէ՝ Լաթաքիայէն արեւմուտք, հրթիռներ արձակած է՝ թիրախաւորելով Հալէպի միջազգային օդակայանի մերձակայքը, «SANA»-ին յայտնած է զինուորական աղբիւրը: Իր հերթին Al Arabiya հեռուստաալիքը հաղորդած է, որ գնդակոծութեան պատճառով օդակայանի աշխատանքը դադրած է։ Հեռուստաալիքի համաձայն՝ արձակուած Է չորս հրթիռ։ Պայթումի ձայները լսուած են Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ: Իսրայէլի զինուած ուժերը Հալէպի օդակայանը հարուածած Էին նաեւ մարտ 7-ին, որու պատճառով օդակայանը քանի մը օր չԷր գործած:
22 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Իսրայէլի օդուժը հարուածած է Հալէպի օդակայանը

Իսրայէլի զինուած ուժերը մարտի լոյս 22-ի գիշերը հրթիռակոծած են Հալէպի միջազգային օդակայանը: Այս մասին հաղորդած է սուրիական պետական SANA գործակալութիւնը:

Չորեքշաբթի գիշերը՝ ժամը 3:55-ին, իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովու կողմէ՝ Լաթաքիայէն արեւմուտք, հրթիռներ արձակած է՝ թիրախաւորելով Հալէպի միջազգային օդակայանի մերձակայքը, «SANA»-ին յայտնած է զինուորական աղբիւրը:

Իր հերթին Al Arabiya հեռուստաալիքը հաղորդած է, որ գնդակոծութեան պատճառով օդակայանի աշխատանքը դադրած է։ Հեռուստաալիքի համաձայն՝ արձակուած Է չորս հրթիռ։

Պայթումի ձայները լսուած են Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ: Իսրայէլի զինուած ուժերը Հալէպի օդակայանը հարուածած Էին նաեւ մարտ 7-ին, որու պատճառով օդակայանը քանի մը օր չԷր գործած:

ՔՊ–ն պիտի չմասնակցի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանդրական Դատարան դիմելու քուէարկութեան
Նախորդ նիւթը

ՔՊ–ն պիտի չմասնակցի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանդրական Դատարան դիմելու քուէարկութեան

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատապարտած է Գեթսեմանիի Սբ. Աստուածածնայ տաճարը վրայ յարձակումը
Յաջորդ նիւթը

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատապարտած է Գեթսեմանիի Սբ. Աստուածածնայ տաճարը վրայ յարձակումը

ԱնցնիլՎեր