Իրանի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներգրաւուած երկրի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան Չհարմահալ եւ Բախտիարի նահանգին մէջ գնտուող, երբեմնի հայահոծ Չհարմահալ գաւառի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներգրաւուած են Իրանի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը՝ վկայակոչելով նահանգի Մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերով ղեկավար Մեհրթատ Ճաւատին կողմէ IRIBNEWS.IR-ին փոխանցուած տեղեկութիւնը։ Ընդգծելով երկրի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան հարցերը՝ Մեհրթատ Ճաւատին, մասնաւորապէս, շեշտադրած է Չհարմահալ եւ Բախտիարի գտնուող հայկական գերեզմանատուներու պատշաճ պահպանման, այդ տարածքներու կանաչապատման, լուսաւորութեան ապահովման, ճանապարհներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան խնդիրները:
27 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Իրանի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներգրաւուած երկրի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան Չհարմահալ եւ Բախտիարի նահանգին մէջ գնտուող, երբեմնի հայահոծ Չհարմահալ գաւառի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներգրաւուած են Իրանի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը՝ վկայակոչելով նահանգի Մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերով ղեկավար Մեհրթատ Ճաւատին կողմէ IRIBNEWS.IR-ին փոխանցուած տեղեկութիւնը։

Ընդգծելով երկրի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան հարցերը՝ Մեհրթատ Ճաւատին, մասնաւորապէս, շեշտադրած է Չհարմահալ եւ Բախտիարի գտնուող հայկական գերեզմանատուներու պատշաճ պահպանման, այդ տարածքներու կանաչապատման, լուսաւորութեան ապահովման, ճանապարհներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան խնդիրները:

Տաւուշի սահմանապահ համայնքները հզօրացնելու նպատակով նուիրաբերեցէք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին
Նախորդ նիւթը

Տաւուշի սահմանապահ համայնքները հզօրացնելու նպատակով նուիրաբերեցէք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին

Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշը նահանջ գրանցած է
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշը նահանջ գրանցած է

ԱնցնիլՎեր