Ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ. 5 կէտի մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-300 մեթր առաջ տեղակայուած է. ԱԱԾ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2022-ի օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն,2023-ի ապրիլ 1-էն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը պէտք է աւարտի Կոռնիձորի կամուրջին: ՀՀ տարածքը Լաչինի միջանցքին կապող երթուղին ապրիլ 1-էն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով՝ միայն Հայաստանի տարածքով: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ): Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Օգոստոսէն ետք Լաչինի միջանցքը Հայաստանին կապող ճամբու մէկ հատուածը՝ Կոռնիձորի կամուրջէն ետք դարձեալ կ՛անցնի Ատրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուի Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ ԱԱԾն՝ դարձեալ յղում կատարելով Օգոստոսի պայմանաւորուածութիւններուն: Համաձայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռբերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ երկու
31 Մարտի 2023
6 ր. ընթերցում
Ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ. 5 կէտի մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-300 մեթր առաջ տեղակայուած է. ԱԱԾ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2022-ի օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն,2023-ի ապրիլ 1-էն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը պէտք է աւարտի Կոռնիձորի կամուրջին: ՀՀ տարածքը Լաչինի միջանցքին կապող երթուղին ապրիլ 1-էն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով՝ միայն Հայաստանի տարածքով: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Օգոստոսէն ետք Լաչինի միջանցքը Հայաստանին կապող ճամբու մէկ հատուածը՝ Կոռնիձորի կամուրջէն ետք դարձեալ կ՛անցնի Ատրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուի Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ ԱԱԾն՝ դարձեալ յղում կատարելով Օգոստոսի պայմանաւորուածութիւններուն:

Համաձայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռբերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ երկու երկիրներու սահմանապահները մարտի վերջին օրերուն վերոհիշեալ հատուածի երկայնքով պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերուն:

Տեղակայման ընթացքին, ըստ հայկական Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ: «Որոշ տեղերում ադրբեջանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներին, սկսել է դիրքաւորուել եւ իրականացրել ինժեներական (ճարտարագիտական) աշխատանքներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) աւելցուցած է, որ հայկական կողմին հաշիւներով, կան այդպիսի հինգ կէտեր, ուր ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100էն 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած է: 

«Այժմ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ երկու կողմերի քարտէզագիրները ճշգրտեն իրավիճակը: Հայկական կողմն իրավիճակին մօտենում է էսկալացիա (մագլցում) թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ: Խնդրոյ առարկայ հատուածում Հայաստանի բանակը դիրքեր չի ունեցել, որովհետեւ դիրքեր տեղակայւում են ոչ թէ սահմանի գծին, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքների վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածի պահպանութիւնը պէտք է անցնէր սահմանապահ զօրքերին՝ համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան», նշած է ծառայութիւնը:

Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանին միյանալու հարցը պիտի լուծուի դաշնակցային ճանապարհով. Զախարովա
Նախորդ նիւթը

Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանին միյանալու հարցը պիտի լուծուի դաշնակցային ճանապարհով. Զախարովա

Ատրպէյճանի կողմէ կռուող ահաբեկիչները չեն լքած այդ երկրի տարածքը. Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի կողմէ կռուող ահաբեկիչները չեն լքած այդ երկրի տարածքը. Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար

ԱնցնիլՎեր