Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանին միյանալու հարցը պիտի լուծուի դաշնակցային ճանապարհով. Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը Հռոմի կանոնագրութեան վերաբերեալ: «Մոսկուա Երեւանի հետ հաստատած է բարձր մակարդակի կապեր՝ քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքի հնարաւոր վաւերացման հարցը:   Անհրաժեշտ չեմ նկատեր բացայայտել այդ կապերուն մանրամասնութիւնները: Կ՛ենթադրենք, որ այս հարցը պիտի կարգաւորուի դաշնակցային եւ փոխընդունելի ձեւով», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, թէ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքը կը համապատասխանէ Հայաստանի մայր օրէնքին: Եթէ անիկա վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի իրաւապահները պարտաւոր կ՛ըլլան ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը, եթէ վերջինս Հայաստան այցելէ: 
31 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանին միյանալու հարցը պիտի լուծուի դաշնակցային ճանապարհով. Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը Հռոմի կանոնագրութեան վերաբերեալ:

«Մոսկուա Երեւանի հետ հաստատած է բարձր մակարդակի կապեր՝ քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքի հնարաւոր վաւերացման հարցը:  

Անհրաժեշտ չեմ նկատեր բացայայտել այդ կապերուն մանրամասնութիւնները: Կ՛ենթադրենք, որ այս հարցը պիտի կարգաւորուի դաշնակցային եւ փոխընդունելի ձեւով», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, թէ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքը կը համապատասխանէ Հայաստանի մայր օրէնքին: Եթէ անիկա վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի իրաւապահները պարտաւոր կ՛ըլլան ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը, եթէ վերջինս Հայաստան այցելէ: 

ՀԱՊԿ Խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի հարցը
Նախորդ նիւթը

ՀԱՊԿ Խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի հարցը

Ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ. 5 կէտի մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-300 մեթր առաջ տեղակայուած է. ԱԱԾ
Յաջորդ նիւթը

Ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ. 5 կէտի մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-300 մեթր առաջ տեղակայուած է. ԱԱԾ

ԱնցնիլՎեր