Լաւրով ԵԱՀԿ համանախագահներու հետ քննարկած է ԼՂ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Ստեֆան Ուիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շեֆըրը (ԱՄՆ), ինչպէս նաև ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարարծած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ «Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոր շուրջ ծաւալող իրավիճակը կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցման մասին 9 նոյեմբերին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի ընդունած յայտարարութենէն ետք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներու հետագայ միջնորդական համակարգման հարցերը։
19 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Լաւրով ԵԱՀԿ համանախագահներու հետ քննարկած է ԼՂ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Ստեֆան Ուիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շեֆըրը (ԱՄՆ), ինչպէս նաև ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարարծած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոր շուրջ ծաւալող իրավիճակը կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցման մասին 9 նոյեմբերին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի ընդունած յայտարարութենէն ետք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներու հետագայ միջնորդական համակարգման հարցերը։

Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութիւններով շարունակուած են անհետ կորսուածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմիններու դուրսբերման աշխատանքները
Նախորդ նիւթը

Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութիւններով շարունակուած են անհետ կորսուածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմիններու դուրսբերման աշխատանքները

Հայաստանի ֆութպոլի խումբը յաղթեց՝ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի ֆութպոլի խումբը յաղթեց՝ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ

ԱնցնիլՎեր