ԼՂ վերադարձած է մօտ 50 000 արցախցի. ՌԴ ՊՆ

Ռուսաստանեան խաղաղապահ առաքելութեան անդամները կը շարունակեն ապահովել Հայաստանէն արցախցիներու անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին կը յայտնեն ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Մէկ օրուան մէջ հանրակառքերով Երեւանէն Ստեփանակերտ վերադարձած է 189 հայորդի։  «Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 49 հազար 827 փախստական։ Ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու կողմէ կ’ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր, կը ցուցաբերուի մարդասիրական օգնութիւն, կը վերականգնուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կը շարունակէ դիտորդական կէտերէն շուրջօրեայ ռեժիմով հետեւիլ հրադադարի պահպանման։
18 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
ԼՂ վերադարձած է մօտ 50 000 արցախցի. ՌԴ ՊՆ

Ռուսաստանեան խաղաղապահ առաքելութեան անդամները կը շարունակեն ապահովել Հայաստանէն արցախցիներու անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին կը յայտնեն ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Մէկ օրուան մէջ հանրակառքերով Երեւանէն Ստեփանակերտ վերադարձած է 189 հայորդի։ 

«Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 49 հազար 827 փախստական։ Ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու կողմէ կ’ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր, կը ցուցաբերուի մարդասիրական օգնութիւն, կը վերականգնուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կը շարունակէ դիտորդական կէտերէն շուրջօրեայ ռեժիմով հետեւիլ հրադադարի պահպանման։

ԱՄՆ կը պատրաստուի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ կը պատրաստուի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան

Նախօրէին յայտնաբերուած 3 զոհուած զինծառայողներէն մէկուն ինքնութիւնը յայտնի է. Արցախի ԱԻՊԾ
Յաջորդ նիւթը

Նախօրէին յայտնաբերուած 3 զոհուած զինծառայողներէն մէկուն ինքնութիւնը յայտնի է. Արցախի ԱԻՊԾ

ԱնցնիլՎեր