ԱՄՆ կը պատրաստուի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան

ԱՄՆ-ն անվտանգութեան ուժեղացուած միջոցառումներ իրականացնելով կը պատրաստուի երկրի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան: Լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը 20 յունուարին երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կը ծրագրէ տասնեակէ աւելի հրամանագրեր ստորագրել, այդ շարքին՝ Կլիմայի հարցով փարիզեան համաձայնագրին վերադառնալու եւ գերազանցապէս իսլամական երկիրներ ուղեւորութեան արգելքի վերացման մասին հրամանագրերը: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ վարչակազմի նոր ղեկավար Ռոն Քլէյնը: Պայտընի նախընտրական խոստումները կ’ընդգրկէին կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ ներգաղթի եւ արտաքին քաղաքականութեանն առնչուող հարցեր։ Ի դէպ, ԱՄՆ փոխնախագահի պաշտօնը լքելէ առաջ իր վերջին հրապարակային ելոյթին մէջ Մայք Փէնսը նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է «մշտապէս զգօնութիւն» ցուցաբերելու, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի
18 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ կը պատրաստուի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան

ԱՄՆ-ն անվտանգութեան ուժեղացուած միջոցառումներ իրականացնելով կը պատրաստուի երկրի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան:

Լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը 20 յունուարին երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կը ծրագրէ տասնեակէ աւելի հրամանագրեր ստորագրել, այդ շարքին՝ Կլիմայի հարցով փարիզեան համաձայնագրին վերադառնալու եւ գերազանցապէս իսլամական երկիրներ ուղեւորութեան արգելքի վերացման մասին հրամանագրերը: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ վարչակազմի նոր ղեկավար Ռոն Քլէյնը:

Պայտընի նախընտրական խոստումները կ’ընդգրկէին կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ ներգաղթի եւ արտաքին քաղաքականութեանն առնչուող հարցեր։

Ի դէպ, ԱՄՆ փոխնախագահի պաշտօնը լքելէ առաջ իր վերջին հրապարակային ելոյթին մէջ Մայք Փէնսը նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է «մշտապէս զգօնութիւն» ցուցաբերելու, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններուն:

 

 

Ռուսական կործանիչներն աւելի քան 40 օդային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ մէջ՝ Տէր Զօր տանող ճանապարհը ահաբեկիչներէն մաքրելու համար. SOHR
Նախորդ նիւթը

Ռուսական կործանիչներն աւելի քան 40 օդային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ մէջ՝ Տէր Զօր տանող ճանապարհը ահաբեկիչներէն մաքրելու համար. SOHR

ԼՂ վերադարձած է մօտ 50 000 արցախցի. ՌԴ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

ԼՂ վերադարձած է մօտ 50 000 արցախցի. ՌԴ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր