Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնի (SOHR) աքթիւիսթները ֆիքսել են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերու ուղղութեամբ ռուսական կործանիչներու իրականացուցած օդային հարուածները:
Ինչպէս կը յայտնէ դիտորդական կեդրոնի կայքը, ռուսական ինքնաթիռներն երէկ առաւօտեան աւելի քան 40 օդային հարուած իրականացուցած են Հալէպ-Համա-Ռաքքա քաղաքներուն մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւս կը շարունակեն օդային հարուածներ հասցնել Տէր Զօրի եւ Հոմսի միջեւ ինկած տարածաշրջանու մէջ՝ ապահովելու համար երկու նահանգները միաւորող ճանապարհի անվտանգութիւնը:
Ահաբեկիչներէն տարածքի մաքրման գործողութիւնները կ’իրականացուին ռուսական ուղղաթիռներու աջակցութեամբ: