Լոս Անճելոսի մէջ զօրակցական հաւաք Արցախի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանին

Պատուոգիր յանձնուեցաւ Ընկ. Յակոբ Նազարեանին Մարտ 1, 2020-ին  Փասատենայի ԹՄՄ կեդրոնին մէջ ներկայութեամբը համայնքիս կուսակցական, հասարակական եւ համակիրներու լայն ընտրանիի, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք ի պաշտպանութիւն Արցախեան գալիք ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ի առաջադրած թեկնածուին ՝ Մասիս Մայիլեանին ՝ որպէս նախագահի թեկնածու եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի ՝ որպէս խորհրդարանական պատգամաւորներու , որուն մաս կը կազմեն ՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» եւ «Վաղուայ Արցախ» կազմակերպութիւնները։ Յանուն ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջանայինի ատենապետ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, նշելով որ ՌԱԿ-ը այսօր աննախընթաց պատմական երեւոյթի մը առաջ կանգնած է, երբ կը մասնակցի ազատ եւ անկախ Արցախի նախագահական եւ
3 Մարտի 2020
8 ր. ընթերցում
Լոս Անճելոսի մէջ զօրակցական հաւաք Արցախի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանին

Պատուոգիր յանձնուեցաւ Ընկ. Յակոբ Նազարեանին

Մարտ 1, 2020-ին  Փասատենայի ԹՄՄ կեդրոնին մէջ ներկայութեամբը համայնքիս կուսակցական, հասարակական եւ համակիրներու լայն ընտրանիի, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք ի պաշտպանութիւն Արցախեան գալիք ընտրութիւններուն ՌԱԿ-ի առաջադրած թեկնածուին ՝ Մասիս Մայիլեանին ՝ որպէս նախագահի թեկնածու եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի ՝ որպէս խորհրդարանական պատգամաւորներու , որուն մաս կը կազմեն ՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» եւ «Վաղուայ Արցախ» կազմակերպութիւնները։

Յանուն ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջանայինի ատենապետ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, նշելով որ ՌԱԿ-ը այսօր աննախընթաց պատմական երեւոյթի մը առաջ կանգնած է, երբ կը մասնակցի ազատ եւ անկախ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն որ անպայման դրական փոփոխութիւններ պիտի բերէ Արցախի ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ, աւելի բարգաւաճ Արցախի տեսլականով։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Արա Ահարոնեան որ պատմականը ներկայացուց ՌԱԿ-ի Արցախի հիմնադրման եւ տարբեր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացած եւ ապագային իրականացուելիք ՌԱԿ-ի հովանաւորութեամբ մարդասիրական, կուսակցական, մարզա-մշակութային, գիւղատնտեսական տարբեր ծրագիրներուն, Ստեփանակերտի, Քելբաջարի եւ այլ շրջաններու մէջ։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Փանիկ Քեշիշեան որ կարեւոր նկատեց ՌԱԿ-ի միջոցաւ ազատական-ռամկավարութեան գաղափարախօսութեան տարածումը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, աւելի առողջ պետական քաղաքական համակարգի ստեղծումով եւ սփիւռքի ՌԱԿ-ի անվերապահ աջակցութիւնը այդ նպատակներու իրականացման համար։

 Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ընկ. Գէորգ Հալէպլեան, որ ներկայացուց մանրամասնութիւններ Արցախի ընտրութիւններուն ներկայ գործընթացներուն մասին, անդրդառնալով որ ինչու՞ ՌԱԿ-ը կը պաշտպանէ Մասիս Մայիլեանի թեկ՚նածութիւնը եւ «Նոր Արցախ» դաշինքը, յատկապէս նշելով որ Մայիլեանի հիմնական նպատակն է փոփոխութիւններ երկրի պետական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերէն ներս, վեր առնելով Մայիլեանի ունեցած դիւանագիտական, պետական գործիչի հարուստ անցեալը, եւ անոր մաքուր կենսագրութիւնը ՝ ինչ կը վերաբերի փտածութեան, խնդրյարոյց կամ ապօրինի հարստացման երեւոյթներու հետ առնչութիւն չունենալը։

Հանդիպման աւարտին, Արցախի շրջանակին մատուցած ծառայութեան, գիւղատնտեսութեան զարգացման միտուած ներդրումներուն, Շահումեանի շրջանի մանուկներու համար նախատեսուած խաղահրապարակի կառուցման աջակցութեան ՝ յանուն ՌԱԿ-ի Արցախի Հանրապետական Վարչութեան, Արցախի ՌԱԿ-ի պատւոյ կոչում շնորհուեցաւ ՌԱԿ-ի երկարամեայ վեթերան ընկ. Յակոբ Նազարեանին։

 

Մասնակից մը

Քննութիւններէն ետք պարզուած է, որ «Քորոնա»ի նոր դէպքեր չկան
Նախորդ նիւթը

Քննութիւններէն ետք պարզուած է, որ «Քորոնա»ի նոր դէպքեր չկան

Վերջին 1.5 տարուան ընթացքին յաջողուած է Վրաստանի հետ համագործակցութեան նոր որակ հաղորդել. տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Կախարիայի հանդիպումը
Յաջորդ նիւթը

Վերջին 1.5 տարուան ընթացքին յաջողուած է Վրաստանի հետ համագործակցութեան նոր որակ հաղորդել. տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Կախարիայի հանդիպումը

ԱնցնիլՎեր