Լրացաւ Պէյրութի աղէտալի պայթումին առաջին տարելիցը

Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ահասարսուռ պայթում մը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը, որուն հետեւանքով զոհ գացին 200-է աւելէ քաղաքացիներ, եւ արձանագրուեցան 5000 վիրաւորներ։  Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարելիցի առիթով, France press գործակալութիւնը հրապարակած է աղէտի հետեւանքները թիւերու պատկերով:  Այսպէս  աղէտալի  պայթումին հետեւանքով գրանցուած են 214 զոհ, ըստ պաշտօնական տուեալներուն: 6500 վիրաւոր: 300 հազար մարդ ժամանակաւորապէս անտուն մնացած է պայթումէն անմիջապէս ետք: 70 հազարէ աւելի մարդ անգործ մնացած է: 73 հազար բնակարան վնասուած է: 9200 շէնք վնասուած է: 163 հազար դպրոց եւ կրթական կառոյցներ վնասուած են: 106 առողջապահական կառոյց, ներառեալ 6 հիւանդանոց եւ 20 դարմանատուն վնասուած են: 2750
4 Օգոստոսի 2021
5 ր. ընթերցում
Լրացաւ Պէյրութի աղէտալի պայթումին առաջին տարելիցը

Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ահասարսուռ պայթում մը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը, որուն հետեւանքով զոհ գացին 200-է աւելէ քաղաքացիներ, եւ արձանագրուեցան 5000 վիրաւորներ։ 

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարելիցի առիթով, France press գործակալութիւնը հրապարակած է աղէտի հետեւանքները թիւերու պատկերով:

 Այսպէս  աղէտալի  պայթումին հետեւանքով գրանցուած են

214 զոհ, ըստ պաշտօնական տուեալներուն:

6500 վիրաւոր:

300 հազար մարդ ժամանակաւորապէս անտուն մնացած է պայթումէն անմիջապէս ետք:

70 հազարէ աւելի մարդ անգործ մնացած է:

73 հազար բնակարան վնասուած է:

9200 շէնք վնասուած է:

163 հազար դպրոց եւ կրթական կառոյցներ վնասուած են:

106 առողջապահական կառոյց, ներառեալ 6 հիւանդանոց եւ 20 դարմանատուն վնասուած են:

2750 թոն ամոնիաքի նիթրաթ, ըստ իշխանութիւններուն պահուած եղած է  նաւահանգիստի պահեստանոցներուն մէջ եւ պատճառ դարձած պայթումին:

6 տարի այդ ամոնիաքի նիթրաթը պահուած եղած է նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:

Ըստ պայթումներու ուժգնութիւնը չափող Ամերիկեան հիմնարկին՝ պայթումի ուժը համազօր եղած է 3,3-4,5 աստիճան երկրաշարժի:

200 քիլոմեթր է հեռաւորութիւնը Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ, ուր լսուած են պայթումի ձայները:

5 օր ժամանակ սահմանած է Լիբանանի կառավարութիւնը կատարելու վարչական հետազօտութիւն պայթումի շուրջ:

Մինչեւ օրս որեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:

Պայթումէն 6 օր ետք, լիբանանեան կառավարութիւնը նախագահութեամբ՝ Հասսան Տիապի իր հրաժարականը ներկայացուցած է:

359 օր է, ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կը ղեկավարէ Լիբանանը, նոր կառավարութիւն մը կազմելու քաղաքական ուժերու համաձայնութեան գալու բացակայութեան ֆոնին: 30 Յուլիսին, Նաժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ եւ կոչուեցաւ  կազմել նոր կառավարութիւն մը:

Կասեցուած է հակառակորդի ԱԹՍ-ի՝ ՀՀ օդային տարածք մտնելու փորձը
Նախորդ նիւթը

Կասեցուած է հակառակորդի ԱԹՍ-ի՝ ՀՀ օդային տարածք մտնելու փորձը

Ռուստամ Բադասեան նշանակուած է ՊԵԿ նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Ռուստամ Բադասեան նշանակուած է ՊԵԿ նախագահ

ԱնցնիլՎեր