Ծանրորդ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, Անդրանիկ Կարապետեանը երրորդն է

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան, իսկ Անդրանիկ Կարապետեանը զբաղցուց երրորդ տեղը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի  ախոյեանութեան տղամարդոց 89 քկ քաշային դասակարգի մրցումներուն Հայաստանէն մասնակցող Անդրանիկ Կարապետեանի պոկում վարժութեան առաջին երկու մօտեցումները յաջող էին` 165 քկ եւ 170 քկ: Սակայն ան չէ յաջողած բարձրացնել 175 քկ-ը: Կարապետեանը այս արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան փոքր պրոնզէ մետալակիր: Հայաստանի միւս մասնակից Կարէն Աւագեանը անսխալ կատարած է իր բոլոր երեք մօտեցումները (165 քկ, 170 քկ, 175 քկ) եւ նուաճած փոքր ոսկեայ մետալ: Հրում վարժութեան մէջ Կարապետեանը գլուխէն վեր պահած է 195 քկ, այնուհետ չէ բարձրացուցած 200 քկ եւ 205
9 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Ծանրորդ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, Անդրանիկ Կարապետեանը երրորդն է

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան, իսկ Անդրանիկ Կարապետեանը զբաղցուց երրորդ տեղը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի  ախոյեանութեան տղամարդոց 89 քկ քաշային դասակարգի մրցումներուն Հայաստանէն մասնակցող Անդրանիկ Կարապետեանի պոկում վարժութեան առաջին երկու մօտեցումները յաջող էին` 165 քկ եւ 170 քկ: Սակայն ան չէ յաջողած բարձրացնել 175 քկ-ը: Կարապետեանը այս արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան փոքր պրոնզէ մետալակիր: Հայաստանի միւս մասնակից Կարէն Աւագեանը անսխալ կատարած է իր բոլոր երեք մօտեցումները (165 քկ, 170 քկ, 175 քկ) եւ նուաճած փոքր ոսկեայ մետալ:

Հրում վարժութեան մէջ Կարապետեանը գլուխէն վեր պահած է 195 քկ, այնուհետ չէ բարձրացուցած 200 քկ եւ 205 քկ-ը:  Այս վարժութեան ժամանակ Կարէն Աւագեանը հրած է 200 քկ, սակայն չէ կրցած բարձրացնել 204 քկ-ը:

Երկամարտի 375 քկ արդիւնքով Աւագեանը դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, երկրորդ տեղը զբաղցուցած է վրացի Ռեւազ Դաւիթաձէն, իսկ 365 քկ արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեանը երրորդն է Եւրոպայի առաջնութեան:

Այստեղ պէտք է նշել, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար:

«Եթէ Հայաստանը դրական արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը հետագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան». Չաւուշօղլու
Նախորդ նիւթը

«Եթէ Հայաստանը դրական արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը հետագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան». Չաւուշօղլու

Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն 1915-1923 թուականներուն հայերու սպանութիւններն անուանէ որպէս ցեղասպանութիւն. Newsweek
Յաջորդ նիւթը

Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն 1915-1923 թուականներուն հայերու սպանութիւններն անուանէ որպէս ցեղասպանութիւն. Newsweek

ԱնցնիլՎեր