Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւը վերջին օրերուն չիջներ. կը տատանուի 500-ի շուրջ. Արսէն Թորոսեան

Մահճակալները դեռ կը բաւարարեն, հիւանդանոցի կարիք ունեցող քաղաքացիներու թիւը աւելի տանելի է։ Այս մասին այսօր՝ 12 յունիսին, Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: «Ծայրայեղ ծանրներու թիւը երէկուայ դրութեամբ 100-ին մօտ էր, ծանրներուն թիւը՝ 420-ին մօտ էր։ Այդ թիւը վերջին օրերուն չէ իջած, կը տատանի 500-ի շուրջ: Մահճակալային ֆոնտի ծանրաբեռնուածութեան առումով վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ ալ տեղ ունինք, սակայն տեղ ունենալը իրավիճակի դրական գնահատական չի կրնար ըլլալ։ Մենք ծայրայեղ ծանրներուն մօտ ունինք շուրջ 70 տոկոս մահացութիւն, ծանրներուն մօտ՝ աւելի քիչ։ Թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն վրայ գտնուողներուն մօտ 90 տոկոս մահացութիւն ունինք։ Երիտասարդներու մահացութեան դէպքերը ուղեկցուող
12 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւը վերջին օրերուն չիջներ. կը տատանուի 500-ի շուրջ. Արսէն Թորոսեան

Մահճակալները դեռ կը բաւարարեն, հիւանդանոցի կարիք ունեցող քաղաքացիներու թիւը աւելի տանելի է։ Այս մասին այսօր՝ 12 յունիսին, Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

«Ծայրայեղ ծանրներու թիւը երէկուայ դրութեամբ 100-ին մօտ էր, ծանրներուն թիւը՝ 420-ին մօտ էր։ Այդ թիւը վերջին օրերուն չէ իջած, կը տատանի 500-ի շուրջ: Մահճակալային ֆոնտի ծանրաբեռնուածութեան առումով վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ ալ տեղ ունինք, սակայն տեղ ունենալը իրավիճակի դրական գնահատական չի կրնար ըլլալ։

Մենք ծայրայեղ ծանրներուն մօտ ունինք շուրջ 70 տոկոս մահացութիւն, ծանրներուն մօտ՝ աւելի քիչ։ Թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն վրայ գտնուողներուն մօտ 90 տոկոս մահացութիւն ունինք։ Երիտասարդներու մահացութեան դէպքերը ուղեկցուող հիւանդութիւններու հետեւանք եղած է»,- յայտնած է նախարարը։

Աշոտ Ղուլեան նշանակուած է Արարատ Միրզոյեանի խորհրդական
Նախորդ նիւթը

Աշոտ Ղուլեան նշանակուած է Արարատ Միրզոյեանի խորհրդական

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 7,5 միլիոնը, հիւանդութենէն մահացածներունը՝ 420 հազարը
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 7,5 միլիոնը, հիւանդութենէն մահացածներունը՝ 420 հազարը

ԱնցնիլՎեր