Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 7,5 միլիոնը, հիւանդութենէն մահացածներունը՝ 420 հազարը

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 7 519 785 մարդ: Այս մասին կը վկայեն worldometers.info կայքի տուեալները 11 յունիսի դրութեամբ: «Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ դէպքեր գրանցած առաջին երեք երկիրներն են Միացեալ Նահանգները, ու այդ ցուցանիշը գերազանցած է 2 միլիոնը, Պրազիլը, ուր աւելի քան 775 հազար մարդ վարակուած է, Ռուսաստանը, ուր վարակուածներու թիւը գերազանցած է կէս միլիոնը: Մեծ թիւով վարակման դէպքեր գրանցուած են նաեւ Հնդկաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սպանիոյ մէջ: Այս երկիրներուն մէջ վարակման ցուցանիշը գերազանցած է 280 հազարը: Ամբողջ աշխարհի մէջ ապաքինուած է վարակուածներու կէսէն աւելին՝ 3 816 736 մարդ: Հիւանդութենէն մահացած է 420 570 մարդ: Մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը կրկին ԱՄՆ-ն է, ուր աւելի քան 115
12 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 7,5 միլիոնը, հիւանդութենէն մահացածներունը՝ 420 հազարը

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 7 519 785 մարդ: Այս մասին կը վկայեն worldometers.info կայքի տուեալները 11 յունիսի դրութեամբ:

«Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ դէպքեր գրանցած առաջին երեք երկիրներն են Միացեալ Նահանգները, ու այդ ցուցանիշը գերազանցած է 2 միլիոնը, Պրազիլը, ուր աւելի քան 775 հազար մարդ վարակուած է, Ռուսաստանը, ուր վարակուածներու թիւը գերազանցած է կէս միլիոնը:

Մեծ թիւով վարակման դէպքեր գրանցուած են նաեւ Հնդկաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սպանիոյ մէջ: Այս երկիրներուն մէջ վարակման ցուցանիշը գերազանցած է 280 հազարը:

Ամբողջ աշխարհի մէջ ապաքինուած է վարակուածներու կէսէն աւելին՝ 3 816 736 մարդ: Հիւանդութենէն մահացած է 420 570 մարդ:

Մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը կրկին ԱՄՆ-ն է, ուր աւելի քան 115 հազար հիւանդ մահացած է: Անոր կը յաջորդեն Մեծ Բրիտանիան, Պրազիլը, Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան:

Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւը վերջին օրերուն չիջներ. կը տատանուի 500-ի շուրջ. Արսէն Թորոսեան
Նախորդ նիւթը

Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու թիւը վերջին օրերուն չիջներ. կը տատանուի 500-ի շուրջ. Արսէն Թորոսեան

Կարօ Փայլան․ «Ոչ ոք առանց ԺԴԿ-ի կրնայ յաղթել Էրտողանին»
Յաջորդ նիւթը

Կարօ Փայլան․ «Ոչ ոք առանց ԺԴԿ-ի կրնայ յաղթել Էրտողանին»

ԱնցնիլՎեր