Քաղաքական որոշում կայացուած է, որ երեքշաբթի գլխաւոր դատախազը մտնէ ԱԺ՝ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու եւ որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու միջնորդութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը:
«ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը դեռ առիթ ունի չկատարելու քաղաքական պատուէր։
!No Pasarán»,-նշած է ան:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ՀՀ իրաւապահ մարմիններ խուզարկութիւններ կատարած էին Ծառուկեանի Առինջ շրջանին մէջ գտնուող առանձնատան մէջ եւ այդ գործընթացներուն զուգահեռ ԱԱԾ-ն հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ ԲՀԿ Առաջնորդին կողմէ եղած են նիւթական չարաշահումներ։ Աւելի ուշ խօսուած էր այն մասին, որ վերջին ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ն յաջողութիւններու հասնելու նպատակով դիմած էր ընտրակաշառք տրամադրելու։