Օգնելու նպատակով Ֆրանսացի բժիշկներ Երեւան հասան. Նախարարը խօսած է այդ մասին

Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ՝ յատուկ չուերթով՝ ժամանած են Հայաստան՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ աջակցութիւն ցոյց տալու ՀՀ առողջապահական համակարգին: Այս մասին կը տեղեկանանք Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջէն։ Անոնք, ըստ նշուած տեղեկութեան, այսօր առաւօտ շատ կանուխ արդէն պիտի գտնուէին «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ: ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը իր հերթին այսօր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․ «Երէկ Ֆրանսայէն ժամանած մեր բժիշկ գործընկերները արդէն իսկ անցած են աշխատանքի «Քովիտով զբաղուով 3 խոշոր հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ԲԿ, Սուրբ Աստուածամայր ԲԿ եւ Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոպեդիայի կեդրոն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր գործընկերներուն անոնց այցը կազմակերպելու համար, այն
15 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Օգնելու նպատակով Ֆրանսացի բժիշկներ Երեւան հասան. Նախարարը խօսած է այդ մասին

Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ՝ յատուկ չուերթով՝ ժամանած են Հայաստան՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ աջակցութիւն ցոյց տալու ՀՀ առողջապահական համակարգին: Այս մասին կը տեղեկանանք Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջէն։

Անոնք, ըստ նշուած տեղեկութեան, այսօր առաւօտ շատ կանուխ արդէն պիտի գտնուէին «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը իր հերթին այսօր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Երէկ Ֆրանսայէն ժամանած մեր բժիշկ գործընկերները արդէն իսկ անցած են աշխատանքի «Քովիտով զբաղուով 3 խոշոր հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ԲԿ, Սուրբ Աստուածամայր ԲԿ եւ Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոպեդիայի կեդրոն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր գործընկերներուն անոնց այցը կազմակերպելու համար, այն իրապէս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի համար»:

Օրերս «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած են Լիթվիան, Վրաստանը, Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը։

 

Կայ քաղաքական որոշում. երեքշաբթի դատախազը պիտի մտնէ ԱԺ՝ Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու հարցով. Ն. Զոհրապեան
Նախորդ նիւթը

Կայ քաղաքական որոշում. երեքշաբթի դատախազը պիտի մտնէ ԱԺ՝ Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու հարցով. Ն. Զոհրապեան

Մաքրոն յայտարարած է Ֆրանսայի մէջ «Քորոնա» ժահրի նկատմամբ առաջին յաղթանակի մասին
Յաջորդ նիւթը

Մաքրոն յայտարարած է Ֆրանսայի մէջ «Քորոնա» ժահրի նկատմամբ առաջին յաղթանակի մասին

ԱնցնիլՎեր