Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը. Ֆրանսայի դեսպան

Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը։ «Միջանցքները» շատ վատ յիշողութիւն ձգած են դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ, ինչպէս, օրինակ, Տանցիկի միջանցքը։ Այս մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ պարբերաբար հնչեցուող Զանգեզուրի միջանցք արտայայտութեան մասին հարցին։ «Մենք կը կարծենք, որ պէտք է աշխատիլ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, որ ստորագրուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ որ կը նախատեսէ տարածաշրջանի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ հաղորդակցութեան տարածաշրջանային ուղիներու վերականգնում։ Ֆրանսան լիովին պատրաստ է աշխատիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքներու գործարկման ուղղութեամբ», – ըսած է դեսպանը:
23 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը. Ֆրանսայի դեսպան

Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը։ «Միջանցքները» շատ վատ յիշողութիւն ձգած են դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ, ինչպէս, օրինակ, Տանցիկի միջանցքը։ Այս մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ պարբերաբար հնչեցուող Զանգեզուրի միջանցք արտայայտութեան մասին հարցին։

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է աշխատիլ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, որ ստորագրուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ որ կը նախատեսէ տարածաշրջանի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ հաղորդակցութեան տարածաշրջանային ուղիներու վերականգնում։ Ֆրանսան լիովին պատրաստ է աշխատիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքներու գործարկման ուղղութեամբ», – ըսած է դեսպանը:

«Սա անարդար է»․ Ալիեւը նեղսրտած է ԵՄ-ի՝ Հայաստանին յատկացուելիք 2․6 միլիառ եւրօ աջակցութեան պատճառով
Նախորդ նիւթը

«Սա անարդար է»․ Ալիեւը նեղսրտած է ԵՄ-ի՝ Հայաստանին յատկացուելիք 2․6 միլիառ եւրօ աջակցութեան պատճառով

Անկելա Մերքէլ. Թուրքիան ԵՄ լիիրաւ անդամ դառնալու որեւէ հեռանկար չունի
Յաջորդ նիւթը

Անկելա Մերքէլ. Թուրքիան ԵՄ լիիրաւ անդամ դառնալու որեւէ հեռանկար չունի

ԱնցնիլՎեր