Կլենտէյլը նոր քաղաքապետը Արտաշէս Քասախեանն է

Սփիւռքի ամենահայաշատ քաղաքի համբաւը ունեցող Կլենտէյլը նոր քաղաքապետ ունի` հայազգի Արտաշէս Քասախեանը: Ան Քաղաքային խորհրդի կազմին մէջ ընտրուած է 2020 թուականին, մինչեւ այդ` տասնհինգ տարիէ աւելի, քաղաքապետարանի քարտուղարն էր: Դեռ այդ տարիներէն ան շահած է քաղաքացիներուն համակրանքը` իբրեւ գործի գիտակ, պատրաստակամ ու արհեստավարժ գործիչ: Քաղաքային խորհուրդի հինգ անդամները քաղաքապետի պաշտօնը կը ստանձնեն հերթով: Քասախեանը վստահ է, որ նոր պաշտօնին մէջ իր աշխատանքը շատ պիտի չփոխուի եւ ինք պիտի շարունակէ ծառայել քաղաքին ու բնակիչներուն` հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն:
7 Ապրիլի 2022
1 ր. ընթերցում
Կլենտէյլը նոր քաղաքապետը Արտաշէս Քասախեանն է

Սփիւռքի ամենահայաշատ քաղաքի համբաւը ունեցող Կլենտէյլը նոր քաղաքապետ ունի` հայազգի Արտաշէս Քասախեանը:

Ան Քաղաքային խորհրդի կազմին մէջ ընտրուած է 2020 թուականին, մինչեւ այդ` տասնհինգ տարիէ աւելի, քաղաքապետարանի քարտուղարն էր:

Դեռ այդ տարիներէն ան շահած է քաղաքացիներուն համակրանքը` իբրեւ գործի գիտակ, պատրաստակամ ու արհեստավարժ գործիչ: Քաղաքային խորհուրդի հինգ անդամները քաղաքապետի պաշտօնը կը ստանձնեն հերթով:

Քասախեանը վստահ է, որ նոր պաշտօնին մէջ իր աշխատանքը շատ պիտի չփոխուի եւ ինք պիտի շարունակէ ծառայել քաղաքին ու բնակիչներուն` հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն:

Վարչապետ Փաշինեան եւ Ալիեւ ԱԳ նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան եւ Ալիեւ ԱԳ նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպմէն առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի 43 պատգամաւորներ նամակ յղած են Շարլ Միշելին եւ Պորելին
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպմէն առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի 43 պատգամաւորներ նամակ յղած են Շարլ Միշելին եւ Պորելին

ԱնցնիլՎեր