Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդ
Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղետալի պայթիւնէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը որոշեց հրատապ ջանքեր գործադրել՝ դրամահաւաքի միջոցով օգնութիւն հասցնելու Լիբանանի մէջ գտնուող մեր համայնքի աւերուած ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ ժողովուրդին։
Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին միացեալ մարմնի մը, որ կը գործէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանիին ներքեւ, եւ որ կազմուած է Լիբանանահայ համայնքի բոլոր առաջնորդ կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններէն։ Գումարը պիտի բաշխուի հազարաւորներու, որոնք անհապաղ կարիք ունին առօրեայ պիտոյից, սնունդի, ապաստանի եւ բժշկական խնամքի։
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը կը կոչ ընէ բոլորին՝ ոտքի ելլել եւ միասնաբար կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն կողքին՝ Լիբանանի մէջ, երկիր մը որ ապաստան, օգնութիւն եւ խաղաղ տուն ապահովեց մեր ծնողներուն եւ մեծածնողներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։
Աւելին, կը կոչ ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ յատկապէս զգոյշ ըլլալ նուիրատուութիւն խնդրող պատճառներ եւ քարոզարշաւներ ճանչնալու ատեն։
Միացեալ մեր ընդհանուր մարդկութեամբ, կը կանգնինք համերաշխ եւ օժանդակ՝ անոնց ամենահրատապ կարիքի պահուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւնները
Ամերիկայի Հայ Հաւաքոյթ
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Ս. Նարեկ Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Շրջան
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութիւն
Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէ, Արեւմտեան Շրջան
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Լոս Անճելըսի Հայ Ընկերակցութիւն – Իրանահայ Միութիւն
Կալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – Իրաքահայ Միութիւն
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հ.Մ.Ը.Մ.
Լոս Անճելըսի Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Կրթական Միութիւն
Պոլսահայոց Կազմակերպութիւն
Միջազգային Աշխատաւորներու Ծառայութեան Միութիւն – Հայկական Խմբակ
Հարաւային Կալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Միացեալ Երիտասարդ Հայեր
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ
Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջնորդարան