Կոչ զօրակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումին հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու, յատուկ դրամահաւաք յայտարարելով Լիբանանի տուժած մեր հայրենակիցներուն եւ համայնքային կարիքներուն հասնելու համար: Բոլոր նուիրատուութիւնները անյապաղ եւ ուղղակի պիտի փոխանցուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հովանաւորութեամբ ստեղծուած համայնքային շտապին, որ բաղկացած է լիբանանահայ համայնքի բոլոր գլխաւոր կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններէն, անյապաշ բաշխման համար: Օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն՝ սննթամթերք, ապաստարան, բժշկական, եւայլն: Խորհուրդս կոչ կ’ընէ բոլորին գօտեպնդուելու եւ միացեալ ճիգերով զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ առատաձեռն նուիրելով յաջորդ ժամերուն իսկ
12 Օգոստոսի 2020
8 ր. ընթերցում
Կոչ զօրակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումին հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու, յատուկ դրամահաւաք յայտարարելով Լիբանանի տուժած մեր հայրենակիցներուն եւ համայնքային կարիքներուն հասնելու համար:

Բոլոր նուիրատուութիւնները անյապաղ եւ ուղղակի պիտի փոխանցուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հովանաւորութեամբ ստեղծուած համայնքային շտապին, որ բաղկացած է լիբանանահայ համայնքի բոլոր գլխաւոր կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններէն, անյապաշ բաշխման համար: Օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն՝ սննթամթերք, ապաստարան, բժշկական, եւայլն:

Խորհուրդս կոչ կ’ընէ բոլորին գօտեպնդուելու եւ միացեալ ճիգերով զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ առատաձեռն նուիրելով յաջորդ ժամերուն իսկ յայտարարուելիք հանգանակութեան:

Աւելին, կոչ կ’ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, յատուկ ուշադրութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ ընտրել նուիրահաւաքային արշաւները, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կը հրամցուին:

Միացեալ կամքով, կազմակերպուած ճիգերով, եւ լայն սրտերով պիտի զօրակցինք մեր լիբանանահայ հայրենակիցներուն:

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

Սրտագին Կոչ Հայ Ժողովուրդին` Հասնինք Լիբանանի  Աղէտահար Ժողովուրդին. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Նախորդ նիւթը

Սրտագին Կոչ Հայ Ժողովուրդին` Հասնինք Լիբանանի Աղէտահար Ժողովուրդին. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

We Call On the Community to Aid Our Armenian Compatriots In Lebanon
Յաջորդ նիւթը

ԿՈՉ ԿԸ ՈՒՂՂԵՆՔ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ՝ ՕԳՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱՅ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ։ Լիբանանի մէջ գտնուող մեր հայ եղբայրներուն օգնութեան կոչ կ’ուղղենք համայնքին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղետալի պայթիւնէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը որոշեց հրատապ ջանքեր գործադրել՝ դրամահաւաքի միջոցով օգնութիւն հասցնելու Լիբանանի մէջ գտնուող մեր համայնքի աւերուած ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ ժողովուրդին։ ՀԻՄԱ ՆՈՒԻՐԵՔ։ Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին միացեալ մարմնի մը, որ կը գործէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանիին ներքեւ, եւ որ կազմուած է Լիբանանահայ համայնքի բոլոր առաջնորդ կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններէն։ Գումարը պիտի բաշխուի հազարաւորներու, որոնք անհապաղ կարիք ունին առօրեայ պիտոյից, սնունդի, ապաստանի եւ բժշկական խնամքի։ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը կը կոչ ընէ բոլորին՝ ոտքի ելլել եւ միասնաբար կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն կողքին՝ Լիբանանի մէջ, երկիր մը որ ապաստան, օգնութիւն եւ խաղաղ տուն ապահովեց մեր ծնողներուն եւ մեծածնողներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Աւելին, կը կոչ ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ յատկապէս զգոյշ ըլլալ նուիրատուութիւն խնդրող պատճառներ եւ քարոզարշաւներ ճանչնալու ատեն։ Միացեալ մեր ընդհանուր մարդկութեամբ, կը կանգնինք համերաշխ եւ օժանդակ՝ անոնց ամենահրատապ կարիքի պահուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւնները Ամերիկայի Հայ Հաւաքոյթ Հայ Իրաւաբանական Միութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Ս. Նարեկ Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ Թեմ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Շրջան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութիւն Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէ, Արեւմտեան Շրջան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Լոս Անճելըսի Հայ Ընկերակցութիւն – Իրանահայ Միութիւն Կալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – Իրաքահայ Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելըսի Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւն Քեսապի Կրթական Միութիւն Պոլսահայոց Կազմակերպութիւն Միջազգային Աշխատաւորներու Ծառայութեան Միութիւն – Հայկական Խմբակ Հարաւային Կալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն Միացեալ Երիտասարդ Հայեր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջնորդարան

ԱնցնիլՎեր