Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, յայտնած են տեղի երկրաշարժագէտները։ Բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման գրասենեակի տուեալներով՝ օճախը գտնուած է ծովուն մէջ՝ ինը քիլոմեթր խորութեան վրայ՝ ափէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ի թղթակիցը, Հաթայի բնակիչները զգացած են ցնցումներ, փլուզուած են քանի մը շէնքեր, որոնք վնասուած էին փետրուարի սկիզբը տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։ Մինչդեռ kommersant.ru-ն նշած է, որ փետրուարի սկիզբը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած շարք մը երկրաշարժերու զոհերու թիւը աճած է՝ հասնելով 38 044-ի։ Այս մասին յայտնած է աղէտներու կառավարման տեղական գործակալութիւնը: Փլատակներու մաքրման աշխատանքներուն ներգրաւուած է աւելի քան 11 հազար փրկարար։
17 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, յայտնած են տեղի երկրաշարժագէտները։

Բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման գրասենեակի տուեալներով՝ օճախը գտնուած է ծովուն մէջ՝ ինը քիլոմեթր խորութեան վրայ՝ ափէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ի թղթակիցը, Հաթայի բնակիչները զգացած են ցնցումներ, փլուզուած են քանի մը շէնքեր, որոնք վնասուած էին փետրուարի սկիզբը տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։

Մինչդեռ kommersant.ru-ն նշած է, որ փետրուարի սկիզբը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած շարք մը երկրաշարժերու զոհերու թիւը աճած է՝ հասնելով 38 044-ի։ Այս մասին յայտնած է աղէտներու կառավարման տեղական գործակալութիւնը: Փլատակներու մաքրման աշխատանքներուն ներգրաւուած է աւելի քան 11 հազար փրկարար։

Փաշինեանն ու Միշելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր
Նախորդ նիւթը

Փաշինեանն ու Միշելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

Ըստ Ատրպէյճանին «Եւրոպական առաքելութիւնը կը խոչընդոտէ կարգաւորման գործընթացը»
Յաջորդ նիւթը

Ըստ Ատրպէյճանին «Եւրոպական առաքելութիւնը կը խոչընդոտէ կարգաւորման գործընթացը»

ԱնցնիլՎեր