Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան               Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր 5 Ապրիլ 2022 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ հաստատած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի հայ ազգային կուսակցութիւններու թեկնածուներուն: Հաւատարիմ իր խոստումին, Ռ.Ա.Կ. կատարեց իր պարտականութիւնը եւ այդ թեկնածուներէն երեքը ընտրուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ: Այս առիթով, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Լիբանանի Խորհրդարանի ընտրութեան իր սատարած եւ ընտրուած թեկնածուները, որոնք պիտի ներկայացնեն լիբանանահայ համայնքը նոր Խորհրդարանին մէջ: Այդ թեկնածուներն են՝ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն Յակոբ Թերզեան, Լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանէն Յակոբ Բագրատունեան եւ Պեքաայի շրջանէն Ճորճ Պուճիքեան: Լիայոյոյս ենք, որ վերոյիշեալ երեսփոխանները լաւ ձեւով պիտի ներկայացնեն լիբաանանահայ համայնքը եւ վստահ
19 Մայիսի 2022
4 ր. ընթերցում
Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

 

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր 5 Ապրիլ 2022 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ հաստատած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի հայ ազգային կուսակցութիւններու թեկնածուներուն: Հաւատարիմ իր խոստումին, Ռ.Ա.Կ. կատարեց իր պարտականութիւնը եւ այդ թեկնածուներէն երեքը ընտրուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ:

Այս առիթով, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Լիբանանի Խորհրդարանի ընտրութեան իր սատարած եւ ընտրուած թեկնածուները, որոնք պիտի ներկայացնեն լիբանանահայ համայնքը նոր Խորհրդարանին մէջ: Այդ թեկնածուներն են՝ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն Յակոբ Թերզեան, Լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանէն Յակոբ Բագրատունեան եւ Պեքաայի շրջանէն Ճորճ Պուճիքեան: Լիայոյոյս ենք, որ վերոյիշեալ երեսփոխանները լաւ ձեւով պիտի ներկայացնեն լիբաանանահայ համայնքը եւ վստահ ենք, որ դրական լիցք պիտի ապահովեն Խորհրդարանի աշխատանքին:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պիտի համագործակցի ընտրուած երեսփոխաններուն հետ ի փառս մեր համայնքին եւ սիրելի Լիբանանին: Կուսակցութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ ընտրուած վերոյիշեալ երեսփոխաններուն իրենց կատարելիք գործունէութեան մէջ:

 

Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

Պէյրութ, 18 Մայիս 2022

Ալիեւը յայտարարած է, թէ Զանգեզուրի միջանցքը «արդէն իրականութիւն Է»
Նախորդ նիւթը

Ալիեւը յայտարարած է, թէ Զանգեզուրի միջանցքը «արդէն իրականութիւն Է»

Մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներէն կը խնդրուի այս ապատեղեկատուութեան զոհ չդառնալ. Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Յաջորդ նիւթը

Մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներէն կը խնդրուի այս ապատեղեկատուութեան զոհ չդառնալ. Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

ԱնցնիլՎեր