Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը. Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Խորհրդարանի ընտրութիւնները, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ հետեւեալը. 1.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գումարած է շարք մը ժողովներ լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու հետ: Այս ժողովներու աւարտին, քննարկելէ ետք բոլոր տուեալները, ան կայացուցած է որոշում սատարելու համար հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ: 2.Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը: Առժամեայ լոզունգները կու գան ու կ’անցնին, կը մնայ մեր ժողովուրդին տասնամեակներէ ի վեր ծառայած կուսակցութիւններու աւանդը: Փոփոխութիւնը թող գայ մեր մէջէն, երկխօսութեամբ: Շինիչ քննադատութիւնը եւ տարբերակներու ներկայացումը պէտք է ըլլան միակ ձեւը իրարու հետ խօսելու: Կայուն երկխօսութեամբ
6 Ապրիլի 2022
3 ր. ընթերցում
Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը. Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Խորհրդարանի ընտրութիւնները, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ հետեւեալը.

1.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գումարած է շարք մը ժողովներ լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու հետ: Այս ժողովներու աւարտին, քննարկելէ ետք բոլոր տուեալները, ան կայացուցած է որոշում սատարելու համար հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:

2.Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը: Առժամեայ լոզունգները կու գան ու կ’անցնին, կը մնայ մեր ժողովուրդին տասնամեակներէ ի վեր ծառայած կուսակցութիւններու աւանդը: Փոփոխութիւնը թող գայ մեր մէջէն, երկխօսութեամբ: Շինիչ քննադատութիւնը եւ տարբերակներու ներկայացումը պէտք է ըլլան միակ ձեւը իրարու հետ խօսելու: Կայուն երկխօսութեամբ մենք կրնանք հասնիլ մեր համայնքին հարցերը լուծելու:

3.Խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքները ըլլան մեր համայնքի եւ Լիբանանի օգտին եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ անձի մը օգտին: Այս պէտք է ըլլայ մեր գերագոյն նպատակը:

Յարգանօք՝

Ի Դիմաց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպիր Ատենապետ

Վ.Թոսունեան Տոքթ.Ա.Տագէսեան

Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2022

Կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները. Դեսպան Լին Թրէյսի
Նախորդ նիւթը

Կոչ կ’ընենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները. Դեսպան Լին Թրէյսի

Եւրոպացի գիտնականները իրենց յայտնաբերած «Քարաքոս»ը մկրտած են Արսէն Գասպարեանի անունով
Յաջորդ նիւթը

Եւրոպացի գիտնականները իրենց յայտնաբերած «Քարաքոս»ը մկրտած են Արսէն Գասպարեանի անունով

ԱնցնիլՎեր