Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ մետալակիր, աշխարհի եռակի ու Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը (97 քկ) վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչին, ուր պէտք է մրցէր ռուս Մուսա Եւլոեւի հետ:
Սեպտեմբեր 16-ին գիւմրեցի ըմբիշը կիսաեզրափակիչ գօտեմարտին ստացած էր կողոսկրի կոտրուածք, որու հետեւանքով չի կրնար պայքարիլ աշխարհի ախոյեանի կոչման համար: Արթուր Ալեքսանեանը նախօրէին պայքարը սկսած էր որակաւորման փուլէն եւ յաղթած էր պելառուս Ալեքսանտր Հրաբովիքին (5:0), ֆինն Մատի Էլիասին (10:0), թուրք Չենկ Իլտեմին (4:2), իրանցի Ապտուլա Սարաւիին (4:3) ու վրացի Կիորկի Մելիային (3:1):
Աւելի վաղ կոմիտէէն յայտնած էին, որ Ալեքսանեանը, հակառակ կոտրուածքին, պիտի մասնակցի գօտեմարտին։