Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ձեռք բերած են շարք մը յստակ ծրագիրներու իրագործման համաձայնութիւններ

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը կ’ընդլայնեն համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Երկու երկիրներուն Արտաքին գործոց նախարարները շարք մը ոլորտներու մէջ ձեռք բերած են շօշափելի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման յստակ համաձայնութիւններ: Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Երեւանի մէջ Հնդկաստանի ԱԳ նախարարին հետ հանդիպումէն ետք կատարուած համատեղ ասուլիսին ընթացքին:  Ըստ նախարարին՝ Հնդկաստանի իր գործընկերոջ այցելութիւնը կը վկայէ երկու բարեկամ պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ օրէ օր ընդլայնուող եւ խորացող յարաբերութիւններուն մասին: Այս այցելութիւնը պիտի խթանէ հայ-հնդկական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: «Հնդկաստանը Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է, համագործակցութեան յետագայ ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն շարքին է: Այս մէկը կարելի է տեսնել կառավարութեան ծրագրին
15 Հոկտեմբերի 2021
8 ր. ընթերցում
Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ձեռք բերած են շարք մը յստակ ծրագիրներու իրագործման համաձայնութիւններ

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը կ’ընդլայնեն համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Երկու երկիրներուն Արտաքին գործոց նախարարները շարք մը ոլորտներու մէջ ձեռք բերած են շօշափելի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման յստակ համաձայնութիւններ:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Երեւանի մէջ Հնդկաստանի ԱԳ նախարարին հետ հանդիպումէն ետք կատարուած համատեղ ասուլիսին ընթացքին: 

Ըստ նախարարին՝ Հնդկաստանի իր գործընկերոջ այցելութիւնը կը վկայէ երկու բարեկամ պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ օրէ օր ընդլայնուող եւ խորացող յարաբերութիւններուն մասին: Այս այցելութիւնը պիտի խթանէ հայ-հնդկական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ:

«Հնդկաստանը Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է, համագործակցութեան յետագայ ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն շարքին է: Այս մէկը կարելի է տեսնել կառավարութեան ծրագրին մէջ»,- նշեց Միրզոյեանը:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն գծով՝ վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր համաձայնութիւնները արագօրէն կեանքի կոչելու համար: Այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը: ՀՀ ԱԳ նախարարը կարեւորեց պաշտպանական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն քայլեր ձեռնարկելը՝ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնելու համար:

«Միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս մեր համագործակցութիւնը եւս պիտի շարունակէ խորանալ եւ փոխադարձ աջակցութիւնը՝ ամրապնդուիլ»,- ըսաւ Միրզոյեանը ու շնորհաւորեց Հնդկաստանը՝ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ անցնող արդիւնաւէտ նախագահութեան առթիւ:

Հայաստանը կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, աջակցութիւնը Հնդկաստանին՝ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամութիւն ստանալու հարցին շուրջ:

Անդրադառնալով երկկողմ օրակարգին՝ Միրզոյեանը նշեց, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ առեւտուրի, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, գիտութեան, պաշտպանութեան եւ միջմարդկային փոխանակումներու ոլորտներուն մէջ: «Երկկողմ համագործակցութեան առումով մեր սպասելիքները, իրականութեան մէջ, շատ աւելի են: Այս այցելութեան եւ հանդիպումներուն ընթացքին մենք ձեռք բերինք յստակ համաձայնութիւններ՝ շարք մը ոլորտներու մէջ շատ աւելի շօշափելի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման առումով»,- ըսաւ Միրզոյեանը:

Հայկական կողմէն հնչեց առաջարկ մը՝ կազմակերպել երկկողմ քաղաքական խորհրդակցութիւններ, միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական համատեղ նիստը:

Քաղաքական շահերը կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն համաձայնութեան հասնիլ. Քիրիլ Պատրիարք
Նախորդ նիւթը

Քաղաքական շահերը կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն համաձայնութեան հասնիլ. Քիրիլ Պատրիարք

Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին

ԱնցնիլՎեր