Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին

Հայաստանը մօտ ապագային պէտք է դրական քայլեր ձեռնարկէ ականապատ դաշտի քարտէզներու փոխանցման հարցը պարզեցնելու եւ համագործակցութեան ու խաղաղութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ան նաեւ ընդգծած է, որ նման գործողութիւնները պիտի օգնեն արագացնելու Ղարաբաղի վերականգնման գործընթացը: «Հայաստանը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ այդ տարածքներուն մէջ տեղադրուած ականներու բոլոր քարտէզները փոխանցէ Ազրպէյճանին: Ի վերջոյ, տարածքները պէտք է մաքրուին ականներէն, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքը չկորսնցնեն հայրենի հողերուն վրայ: Հարազատ Ազրպէյճանը երբեք միայնակ չէ եղած, մենք երբեք միայնակ չենք ձգեր Ազրպէյճանը: Թող բոլորը գիտնան այս մասին»,- ըսած է Չաւուշօղլուն: Անոր խօսքով՝ այս պահուն անհրաժեշտ է
15 Հոկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին

Հայաստանը մօտ ապագային պէտք է դրական քայլեր ձեռնարկէ ականապատ դաշտի քարտէզներու փոխանցման հարցը պարզեցնելու եւ համագործակցութեան ու խաղաղութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ան նաեւ ընդգծած է, որ նման գործողութիւնները պիտի օգնեն արագացնելու Ղարաբաղի վերականգնման գործընթացը:

«Հայաստանը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ այդ տարածքներուն մէջ տեղադրուած ականներու բոլոր քարտէզները փոխանցէ Ազրպէյճանին: Ի վերջոյ, տարածքները պէտք է մաքրուին ականներէն, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքը չկորսնցնեն հայրենի հողերուն վրայ: Հարազատ Ազրպէյճանը երբեք միայնակ չէ եղած, մենք երբեք միայնակ չենք ձգեր Ազրպէյճանը: Թող բոլորը գիտնան այս մասին»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Անոր խօսքով՝ այս պահուն անհրաժեշտ է տարածքները մաքրել ականներէն, որոնք այնտեղ տեղադրած են հայերը: Ատոր համար, ինչպէս ան նշած է, այսօր բաւականաչափ ճարտարագիտութիւն կայ:

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ձեռք բերած են շարք մը յստակ ծրագիրներու իրագործման համաձայնութիւններ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ձեռք բերած են շարք մը յստակ ծրագիրներու իրագործման համաձայնութիւններ

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սկսած պատերազմին զօրակցած 12 իրանցի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սկսած պատերազմին զօրակցած 12 իրանցի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

ԱնցնիլՎեր