Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սկսած պատերազմին զօրակցած 12 իրանցի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

Իրանի մէջ 12 մարդ ձերբակալուած է 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմի աջակցութեան հաւաքին մասնակցելուն համար։ Ձերբակալուածները ատրպէյճանցիներ են, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը։ Հաղորդուած է, որ Իրանի՝ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Արտեպիլ քաղաքի դատարանը մեղադրեալները 15 տարուայ ազատազրկման դատապարտած է եւ ենթարկած 888 մտրակի հարուածի։ Անոնք մեղադրուած են ոստիկանութեան դէմ անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրագործելու յօդուածներով։ 44-օրեայ պատերազմի մեկնարկին իրանաբնակ հարիւրաւոր ատրպէյճանցիներ փողոց իջած էին եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն։ Հաւաքի ընթացքին ձերբակալուած էր քանի մը տասնեակ անձ։
15 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սկսած պատերազմին զօրակցած 12 իրանցի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

Իրանի մէջ 12 մարդ ձերբակալուած է 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմի աջակցութեան հաւաքին մասնակցելուն համար։ Ձերբակալուածները ատրպէյճանցիներ են, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը։

Հաղորդուած է, որ Իրանի՝ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Արտեպիլ քաղաքի դատարանը մեղադրեալները 15 տարուայ ազատազրկման դատապարտած է եւ ենթարկած 888 մտրակի հարուածի։ Անոնք մեղադրուած են ոստիկանութեան դէմ անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրագործելու յօդուածներով։

44-օրեայ պատերազմի մեկնարկին իրանաբնակ հարիւրաւոր ատրպէյճանցիներ փողոց իջած էին եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն։ Հաւաքի ընթացքին ձերբակալուած էր քանի մը տասնեակ անձ։

Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին
Նախորդ նիւթը

Թուրքիաէն կոչ Երեւանին՝ Արցախի ականապատ դաշտերու քարտէզները յանձնել Պաքուին

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած յուշադրամ թողարկուած է
Յաջորդ նիւթը

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած յուշադրամ թողարկուած է

ԱնցնիլՎեր