Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը. Փաշինեան

Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը: ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ռուսական քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի գործողութիւնները ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման: «Այո, մեր օրակարգին մէջ կայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցը: Նաեւ կը դիտարկենք Ղարաբաղի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք ձեւաւորելու հնարաւորութիւնը»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: ՀՀ վարչապետի խօսքով, Հայաստանը կ’ապահովէ իր անվտանգութիւնը ՀԱՊԿ-ի մասնակցութեամբ կամ առանց անոր: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս կապի մէջ է ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներուն հետ: Փաշինեանը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը պատրաստ է Երեւանի մէջ
30 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը. Փաշինեան

Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը: ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ռուսական քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի գործողութիւնները ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման:

«Այո, մեր օրակարգին մէջ կայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցը: Նաեւ կը դիտարկենք Ղարաբաղի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք ձեւաւորելու հնարաւորութիւնը»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

ՀՀ վարչապետի խօսքով, Հայաստանը կ’ապահովէ իր անվտանգութիւնը ՀԱՊԿ-ի մասնակցութեամբ կամ առանց անոր: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս կապի մէջ է ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներուն հետ:

Փաշինեանը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը պատրաստ է Երեւանի մէջ ընդունելու 9 հոկտեմբերին կայանալիք ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստը:

«Ինթըրֆաքսի» համապատասխան հարցին պատասխանելով՝ Փաշինեանն ըսած է, որ Հայաստանը չի քննարկեր ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի միջազգային խաղապահներ մտցնելու հնարաւորութիւնը։

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրակը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ըրած է
Նախորդ նիւթը

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրակը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ըրած է

Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ յարձակումը, Պաշտպանութեան բանակը միայն իր նախկին բնագիծերը վերականգնելով պիտի չբաւարարուի
Յաջորդ նիւթը

Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ յարձակումը, Պաշտպանութեան բանակը միայն իր նախկին բնագիծերը վերականգնելով պիտի չբաւարարուի

ԱնցնիլՎեր