ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրակը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ըրած է

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ԼՂ հակամարտութեան գօտին վրայ իրավիճակի լարուածութեան շուրջ տեղի ունեցած փակ քննարկմէն ետք յայտարարութիւն տարածած է: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․ «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անհանգստացած են ԼՂ հակամարտութեան գօտիի երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումն ու ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային ու քաղաքացիական զոհերու առնչութեամբ: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները աջակցած են Գլխաւոր քարտուղարին` կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնը ու անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան լիակատար աջակցութեան մասին ու կոչ ըրած են կողմերուն համագործակցելու անոնց հետ` առանց
30 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրակը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ըրած է

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ԼՂ հակամարտութեան գօտին վրայ իրավիճակի լարուածութեան շուրջ տեղի ունեցած փակ քննարկմէն ետք յայտարարութիւն տարածած է:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անհանգստացած են ԼՂ հակամարտութեան գօտիի երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումն ու ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային ու քաղաքացիական զոհերու առնչութեամբ:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները աջակցած են Գլխաւոր քարտուղարին` կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնը ու անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կեդրոնական դերակատարութեան լիակատար աջակցութեան մասին ու կոչ ըրած են կողմերուն համագործակցելու անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը շուտափոյթ վերսկսելու համար»:

Բացառիկ ու աննախադէպ է այս պատերազմի ոչ միայն թափն ու ծաւալը, այլ նաեւ ռազմագիտական բաղադրիչները. Արծրուն Յովհաննիսեան
Նախորդ նիւթը

Բացառիկ ու աննախադէպ է այս պատերազմի ոչ միայն թափն ու ծաւալը, այլ նաեւ ռազմագիտական բաղադրիչները. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր