Հայաստանին վերաբերող բոլոր որոշումները Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի ընդունի. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «CNNTurk»-ի ուղիղ եթերով անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին:  «Այս հարցերուն մէջ (Հայաստանի վերաբերեալ) Ատրպէյճանի հետ միասին կը խորհրդակցինք: Հայաստանէն ալ շատ դրական ուղերձներ կու գան: Մենք ըսած ենք, որ նոյն կերպով պիտի պատասխանենք այն դրական քայլերուն, որոնք Հայաստանը պիտի ընէ», մասնաւորապէս նշած է ան: Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ, թէ միասին ինչ քայլեր կրնան ընել: Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը, կրկնելով, թէ «Հայաստանը որեւէ դրական արձագանգ չէ տուած Ատրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կոչին», ընդգծած է, որ Թուրքիան իր բոլոր որոշումները պիտի ընդունի Ատրպէյճանի հետ միասին:
29 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստանին վերաբերող բոլոր որոշումները Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի ընդունի. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «CNNTurk»-ի ուղիղ եթերով անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին: 

«Այս հարցերուն մէջ (Հայաստանի վերաբերեալ) Ատրպէյճանի հետ միասին կը խորհրդակցինք: Հայաստանէն ալ շատ դրական ուղերձներ կու գան: Մենք ըսած ենք, որ նոյն կերպով պիտի պատասխանենք այն դրական քայլերուն, որոնք Հայաստանը պիտի ընէ», մասնաւորապէս նշած է ան:

Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ, թէ միասին ինչ քայլեր կրնան ընել:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը, կրկնելով, թէ «Հայաստանը որեւէ դրական արձագանգ չէ տուած Ատրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կոչին», ընդգծած է, որ Թուրքիան իր բոլոր որոշումները պիտի ընդունի Ատրպէյճանի հետ միասին:

«Այժմ կրնանք ըսել. Սրբազան Քահանայապետը տուն մը ունի Հայաստանի մէջ». Գերապայծառ Փենիա Փարրա
Նախորդ նիւթը

«Այժմ կրնանք ըսել. Սրբազան Քահանայապետը տուն մը ունի Հայաստանի մէջ». Գերապայծառ Փենիա Փարրա

Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը
Յաջորդ նիւթը

Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը

ԱնցնիլՎեր